Պոլսոյ հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 12–րդ տարելիցին առիթով կրկին սգոյ ձեռնարկ տեղի պիտի ունենայ «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրութեան դիմաց։
Ըստ «Ակօս»-ի տեղեկութիւններուն՝ Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած սգոյ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ ժամը 15։00–ին, Օսմանպէյ թաղամասին մէջ, «Ակօս»-ի նախկին խմբագրութեան դիմաց։
Սգոյ ձեռնարկը պիտի կրէ «Չենք հրաժարիր, ախբարիկ» խորագիրը։