«Մենք բարձրաձայնած ենք Սուրիոյ եւ Հալէպի ծանր իրավիճակին մասին եւ յոյս ունինք, որ պետական հիմնարկները խնդրին առումով գործնական քայլերու կը դիմեն» այսօր «Արեւելք» ին ըսաւ ՀՀ ազգային ժողովի անդամ՝ Թեւան Պօղոսեան: Պօղոսեան, որ անդամ է ՀՀ ազգային ժողովին Սուրիոյ մեկնած պատուիրակութեան եւ երկու առիթներով այցելած է Դամասկոս եւ Լաթաքիա նկատել տուաւ,որ «կարեւոր հարց է Հալէպի հայերուն տարհանումը բայց այս պահուն նման ծրագիրներու մասին տեղեկութիւններ չունիմ»: Պօղոսեան նաեւ նշեց, որ «ծանր իրադրութեան պարագային Հայաստանի Հանրապետութիւնը բոլոր իմաստներով պէտք է պատրաստ ըլլայ հայերու անվտանգ շրջաններ փոխադրութիւնը ապահովել: Հալէպի հայերը կարելի է տարհանել միայն եթէ անոնք համաձայն ըլլան լքելու իրենց քաղաքը,որովհետեւ այսօր Հալէպի մէջ կան հայեր, որոնք չեն փափաքիր լքել իրենց օճախները: Տարհանումը կարելի է իրականցնել միայն եթէ վտանգուած կողմը իր համաձայնութիւնը տայ լքելու տագնապի մէջ եղող շրջանները եւ այս մէկը կը վերաբերի ոչ միայն Հալէպի այլ աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ ապրող հայերուն»: Պատասխանելով մեր հարցումին, թէ արդեօ՞ք Թուրքիոյ մէջ գրանցուող իրադարձութիւնները կրնան վտանգ սպառնալ տեղի հայերուն Թեւան Պօղոսեան ըսաւ «այս հանգրուանին Պոլսահայութիւնը վտանգուած չէ բայց չպէտք է մոռնալ, որ Թուրքիան այն երկիրն է ,որ տարբեր շղարշներով փակուելով կը փորձէ իր խնդիրները լուծել: Օրինակ Թուրքիա այսօր կը յայտարարէ, որ միացած է ISIS-ի դէմ պայքարին բայց նոյնպէս կը հարուածէ քիւրտերը: Այս առումով չեմ զարմանար եթէ Թուրքիա հարուածէ Սուրիոյ այն շրջանները, ուր հայեր կ'ապրին ու ապա յայտարարէ , թէ տեղի ունեցածը սխալմունք էր: Թուրքիոյ այս վարքագիծը զարմանալի չէ եւ չենք մոռցած Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը կամ Քեսապի դէմ կատարուած յարձակումը, որ հնարաւոր դարձաւ միայն թրքական սահմանին հատումով եւ գրոհայիններուն ճանապարհ բանալով»: Թեւան Պօղոսեան աւարտին կարեւորեց, որ հայկական կողմը պէտք է պատրաստ ըլլայ բոլոր հնարաւոր զարգացումներուն եւ կատարէ պէտք եղած արձագանքները: