Սուրիոյ արտաքին գործոց եւ արտագաղթողներու նախարար Ասատ Շէյպանի Փարիզի մէջ հանդիպած է իսրայէլեան պատուիրակութեան հետ՝ քննարկելու համար շարք մը հարցեր տարածաշրջանին եւ Սուրիոյ հարաւին մէջ կայունութեան ամրապնդման վերաբերեալ։ Այս մասին հաղորդած է Syria TV-ն։
Քննարկումները կեդրոնացած են լարուածութեան թուլացման եւ Սուրիոյ ներքին գործերուն չմիջամտելու, տարածաշրջանին մէջ կայունութեան սատարող փոխըմբռնումներու հասնելու, Սուէյտայի նահանգին մէջ հրադադարի մշտադիտարկման, ինչպէս նաեւ 1974 թուականի համաձայնագրի վերականգնումին վրայ, որուն համաձայն Սուրիոյ բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքներուն մէջ սահմանուած էր բախարգելային (պուֆերային) գօտի՝ ՄԱԿ-ի վերահսկողութեան ներքոյ։
Քննարկումները տեղի կ՚ունենան Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ջանքերու ծիրէն ներս՝ ուղղուած Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման։
Աւելի վաղ նախարար Շէյպանի Ամմանի մէջ հանդիպած էր յորդանանցի գործընկերոջ՝ Այման Սաֆատիի եւ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի յատուկ բանագնաց Թոմաս Պարաքի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են համագործակցութեան եւ համակարգման ամրապնդման ուղիները՝ ի շահ Սուրիոյ կայունութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան։