“Cada vez que un turco negó el genocidio de los armenios los armenios volvieron a ser exterminados (Jorge Carrión, Membrana. Barcelona: Galaxia Gutenberg, 2022, p. 179)
«Ամէն անգամ որ թուրք մը ժխտած է հայերու ցեղասպանութիւնը, հայերը կրկին բնաջնջուած են» (Խորխէ Քարրիոն, Մաշկ, 2022, էջ 179)
Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան 4-րդ Գլոբալ ֆորումի բացման իր ելոյթին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ որ ինք չի վիրաւորուիր եթէ իրեն թուրք ըսեն: Բառացի՝ «… ցեղասպանութեան կանխարգելման ամենակարևոր գործիքներից մէկը, կարծում եմ, այն է, որ մենք ուղիղ պաշտօնական մակարդակում ասենք, որ ընդունում ենք, ընդգծում ենք, որ մենք պիտի, օրինակ՝ այդ թւում Հայաստանում, դադարեցնենք մարդկանց, այդ թւում՝ քաղաքական մրցակիցներին կամ հակառակորդներին վիրաւորելու համար օգտագործել ուրիշ ազգի անուն: Հայաստանի Հանրապետութիւնում կայ այդ բանը, օրինակ՝ եթէ ուզում են որևէ մէկին ամենասուր ձևով խոցել, շատ պարզ ձև կայ դրա համար, ասել՝ դու թուրք ես: Մի մարդ, որը ձեզ յայտնի հանգամանքների բերումով բաւականին շատ արժանացել է այդ հասցէագրմանը, ես ինձ վիրաւորելու միտում ունեցող մարդկանց ուզում եմ ուղղակի ասել, դրանով իրենք ինձ ամենևին նախ չեն վիրաւորում, որովհետև ես դա վիրաւորանք չեմ ընդունում և ընկալում:»
Փաշինեանի այս յայտարարութիւնը ամենէն աւելի ուշադրութեան արժանացաւ յատկապէս սոցիալական ցանցերուն վրայ: Սպասելիօրէն: Փաշինեանի համար քաղաքականութիւնը յաճախ նոյնացած է հանրային յարաբերութեան և հաղորդակցութեան (Փի.Ար.) հետ, և այդ մարզին մէջ կասկած չկայ որ հմուտ է: Պիտի չբացառել, որ, ինչպէս յաճախ կ’ընէ, իր «ես»ին վկայակոչութեամբ բանաձևուած այս միտքը նպատակադրած ըլլայ իրեն ընդդիմադիր շրջանակներու կողմէ յուզական հակազդեցութեան առաջացումը, մինչ ինք Ֆորումին մասնակցած ոչ-հայ դիւանագէտներու, ցեղասպանագէտներու թէ ընդհանրապէս մարդկային իրաւանց պաշտպաններու աչքին կ’երևայ որպէս բարոյականութեան գերագոյն օրինակ: Փաշինեան կրնայ և անկեղծ ըլլալ, և անձնապէս չվիրաւորուիլ եթէ իրեն «թուրք» անուանեն, ինչ որ և իր իրաւունքն է: Այդուհանդերձ, ելոյթ ունեցողը խմբագիր, պատգամաւոր թէ ակտիւիստ Փաշինեանը չէ, որ այդ մէկը ընկալուի զուտ ենթակայական ոլորտի մէջ: Վարչապետի հանգամանքով ելոյթ ունեցողը պատգամ կը յղէ իր ժողովուրդին՝ հետևելու իր օրինակին. ժողովուրդի մեծամասնութեան ձայներով ընտրուած ղեկավարը կ’ուզէ որ իրեն վստահողները իրեն նման չվիրաւորուին եթէ պատահի որ իրենց ալ վիրաւորելու նպատակով թուրք ըսուի: Վարչապետը անշուշտ այնքան մը խելացի է որ այս մէկը պահէ յորդորի մակարդակին և փորձ չընէ զայն ամրագրել օրէնքի ուժով, որ ոչ կրնայ կիրարկուիլ, ոչ ալ զերծ մնալ սահմանադրական հաւանական հակասութիւններէ:
Ամէն պարագայի, Փաշինեանի ամբողջ ելոյթին տրամաբանութիւնը ինքնին շատ աւելի վտանգաւոր է քան «թուրք» անուանումէն վիրաւորուելու կամ չվիրաւորուելու հարցը: Վտանգաւոր է, որովհետև Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի ուղղուած իր առաջարկներուն մէջ, Հայաստանի վարչապետը «ատելութեան խօսք»ի տարածման կարողականութիւնը որպէս «գենետիկ մտածողութիւն» կ’ուզէ հաւասարապէս տեսնել ցեղասպանութիւնը ժխտող և շարունակող դահիճներուն, ինչպէս նաև ցեղասպանութեան ոճիրին զոհ գացած հայ ժողովուրդին մօտ: Դահիճն ու զոհը նոյնացնող այդ շատ վտանգաւոր պարբերութիւնը Փաշինեանի խօսքին մէջ կը հետևի «ատելութեան խօսքը բացառելու» համագործակցութեան առաջարկէն անմիջապէս յետոյ. «Եւ այստեղից է, որ պէտք է սկսել ցեղասպանութիւնների կանխարգելումն ու դատապարատումը, որովհետև եթէ որևէ մէկն Ադրբեջանում, Թուրքիայում, Հայաստանում որևէ մէկին հայ կամ թուրք է անուանում, առաւել ևս քաղաքական մակարդակում, նոյնիսկ՝ ոչ քաղաքական մակարդակում, նա դա անում է նրան բարոյապէս, քաղաքականապէս որևէ ձևով ոչնչացնելու և նուաստացնելու համար: Եւ սա ցեղասպանութեան, ըստ էութեան, գենետիկ մակարդակի մտածողութիւն է:»
Դահիճի և զոհի այս ապիկար հաւասարումը որպէս կարողական ցեղասպան կու գայ այն բանէն յետոյ որ Փաշինեան նոյն այդ ելոյթի սկզբնաւորութեան ահազանգած է Արցախի մէջ, իր խօսքերով՝ Լեռնային Ղարաբաղ, Ազրպէյճանի կողմէ նոր ցեղասպանութեան մը նախապատրաստութեան մասին երեք տարբեր «սցենարներով»՝ հայաթափում, ինքնութեան կորուստ և ֆիզիքական ոչնչացում: Հարցական է թէ ինչո՛ւ ելոյթին մէկ կարևոր բաժինով Ազրպէյճանին ցեղասպանական նկրտումները լուսարձակի տակ բերելէ և ահազանգելէ յետոյ, Փաշինեան կանխարգիլման տրամաբանութիւնը շուռ կու տայ և ցեղասպանութեան զոհ հայութիւնն ալ կը ներառէ «ցեղասպանութեան գենետիկ մակարդակի մտածողութիւն» ունեցող հաւաքականութիւններու շարքին… Բաղդատութիւնը կրնայ անճիշդ և անարդար թուիլ, բայց հարցի ծանրակշռութիւնը կը թելադրէ յիշեցնել, որ Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ, մինչև փաստօրէն 1965 բայց յատկապէս Սթալինեան ժամանակաշրջանին, Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումը լռեցուած էր ի հետևումս պաշտօնական այն թէզին, որ Ցեղասպանութեան մէջ հաւասարապէս յանցաւոր էին թուրք և հայ ազգայնականները: «Ատելութեան խօսք»ի տարածման կարողականութիւնը տեսնել ե՛ւ ցեղասպանութիւն իրականացուցած պետութեան, ե՛ւ զայն շարունակող պետութեան, ե՛ւ ցեղասպանութեան զոհին մօտ այնքան ալ տարբեր չէ Ցեղասպանութեան պատասխանատւութիւնը ե՛ւ թուրք, ե՛ւ հայ ազգայնականներու մօտ հաւասարապէս տեսնող Սթալինեան թէզէն:
Ցեղասպանագիտութեան մէջ չկայ ոչ մէկ տեսութիւն որ զոհին վերագրէ ցեղասպանական մտածողութիւն: Ցեղասպանութեան զոհը մի՛շտ տկար, անպաշտպան, լքուած և խոցելի հաւաքականութիւնն է: Ցեղասպանական բնազդները իւրայատուկ են ուժեղներուն, անոնց որոնք արդէն նախաձեռնած են հաւաքական բնաջնջումի պետական որևէ ծրագրի: Ի մասնաւորի երբ անոնք կը մնան անպատիժ: Աւելի՛ն, ցեղասպանութիւն իրականացուցած և անպատիժ մնացողը ցեղասպանական բնազդներով տոգորուած այլ դերակատարի օրինակ կը ծառայէ, ինչպէս Նացի Գերմանիան օրինակ առաւ Օսմանեան Կայսրութենէն և Մուսթաֆա Քեմալին հանդէպ ունեցաւ յատուկ հիացում և ակնածանք: Ընդհակառակը, ցեղասպանութեան զոհը կը մնայ անտեսուած, անարգուած և անոր հետևողականօրէն կը յիշեցուի թէ ինչ ճակատագիր կրնայ սպասել իրեն որևէ պահու:
Ողջակիզման փորձառութենէն անցած հրէաները և Իսրայէլ պետութիւնը, հակառակ ոճիրի դատապարտման և հատուցման, զգաստ կը մնան հակասեմական որևէ արտայայտութեան և Ողջակիզման նսեմացման: Հայերու պարագային, ցեղասպանը կը ժխտէ ոճիրը և կը շարունակէ հայութեան բնաջնջման ծրագիրը տարբեր ձևով: Ցեղասպանին նկատմամբ անհանդուրժողականութիւնը զոհին վերապրումի բնազդական մակարդակն է, ոչ իսկ պահանջատիրութեան մակարդակը: Եւ որպէսզի սխալ չմեկնաբանուի այս ըսուածը, հարց չկայ մէկուն «թուրք» ըսելով վիրաւորելու տրամադրութիւնը ընդունելու, և նուազ՝ այդ ձևով «ատելութեան խօսքը» քաջալերելու: Պարզապէս անոր օրինակի կարգով իսկ գործածումը ցեղասպանութեան կանխարգիլման առաջարկի բանաձևման նպատակով անտեղի է, անտրամաբանական է, և վտանգաւոր որովհետև Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան նոր առիթներ կը ստեղծէ:
Արդարև, Թուրքիոյ թէ Ազրպէյճանի համար սկզբունքով ոչ մէկ հարց պիտի ըլլայ ընդառաջել Փաշինեանի առաջարկին և պաշտօնական մակարդակով «ատելութեան խօսք»ի տարածման դէմ յայտարարութիւն որդեգրել: Այդ մէկը ոչ մէկ արգելք պիտի հանդիսանայ որ ցեղասպանութեան ժխտումը թէ շարունակումը իրենց ընթացքը պահեն: Ընդհակառակը, կ’ամրագրուի՛ն, որովհետև «ատելութեան խօսք»ի տարածման դէմ իրենց ենթադրական յանձնառութեան գործադրութեան ամէն վերահսկողութեան բացակայութեան, ի լուր աշխարհի հանդէս կու գան որպէս այդ յայտարարութիւնը ստորագրած պետութիւններ, մինչ Հայաստանի կողմէ բողոքներն են որ իրենց հաւաստիութիւնը հարցականի տակ կը դնեն: Ի դէպ, տրամաբանութիւնը շատ աւելի պարզ է. ցեղասպանութիւն գործադրած և ոճիրը ժխտող պետութեան համար «ատելութեան խօսք»ը ընդոծին է իր վարքագծին, որովհետև ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը ինքնին եթէ «ատելութեան խօսք» չէ հապա ի՞նչ է…
Փաշինեանի ելոյթը իր ամբողջութեամբ կարդացածներու ուշադրութենէն պիտի չվրիպի, որ սկզբնաւորութեան ան մէկ առիթով կը նշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, ապա, ճիշդ կերպով, ելոյթին կարևոր բաժինը կը յատկացնէ Ազրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած միջոցառումներուն Արցախի, իր խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի, ժողովուրդին դէմ, և առաջարկներու բաժնով կը կեդրոնանայ «ատելութեան խօսք»ին վրայ, որուն կոնկրետ օրինակը կու տայ Հայաստանի մէջ վիրաւորանքի ձևով «թուրք» անուանակոչումը, և կ’ըսէ «ենթադրում եմ, որ նման իրողութիւններ կան նաև Թուրքիայում…» Այսինքն՝ վստահ չէ որ Թուրքիոյ մէջ «ատելութեան խօսք»ը պետական մակարդակով առկայ է, չի՛ յիշեր, օրինակի համար, որ Էրտողանի նախատական խօսքէն յետոյ է որ Կարսի մօտ հայ-թրքական բարեկամութեան արձան մը հանուեցաւ, կամ Հրանդ Տինքը սպաննուեցաւ, ձերբակալուած մարդասպանին հետ թուրք ոստիկանները հպարտօրէն նկարուեցան, տակաւին երկու տարի և ամիսներ առաջ Լիբանանի թէ Լիոնի մէջ հակահայ ատելութեան մոլուցքով ամբոխներ չտողանցեցին…
Դիւանագիտական ի՞նչ հաշուարկումներով, կամ որո՞ւ թելադրանքով, Փաշինեան ինքզինք զսպած է Թուրքիոյ մէջ «ատելութեան խօսք»ին տալու արժանի գնահատականն ու տեղը հաւանաբար երբեք չիմանանք: Հարցը նաև Փաշինեանի այս ելոյթէն անդին կ’երթայ. Հայաստանի դիւանագիտութիւնը ի սկզբանէ չէ յաջողած երբեք գործնական հայեցակարգով մը ճշդել թէ ինչպէս պիտի բանաձևել «Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ»ու սկզբունքը: Եթէ հարց եղած է «առանց նախապայմաններու» հասկացողութեան գործնականացման, Երևանը եղած է առաջին փաստը տուողը. «Ֆութպոլային դիւանագիտութեան» Թուրքիա-Հայաստան առաջին մրցումին Հրազդանի մարզադաշտին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի շապիկներու վրայէն Արարատը հանուած էր, Առաւօտի Դեկտեմբեր 03-ի համարին մէջ կը տեղեկացուի որ Եւրատեսիլի համար Երևանի մետրոպոլիտէնէն հանուած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիներու պաստառները…
Եւ ամենէն կարևորը. կարելի՞ է ցեղասպանին դիմել ցեղասպանութեան կանխարգիլման որևէ առաջարկով անտեսելով անոր համեցող ժխտողականութիւնը իր գործած ոճիրին: Ցեղասպանութեան կանխարգիլումը չ’սկսի՞ր ոճիրի ճանաչման և արդարահատոյցի պահանջով:
Խ. Տէր Ղուկասեան