image

Բրիտանիոյ մէջ «Քովիտ»ի դէմ պատուաստուածներուն թիւը հասած է 25 միլիոնի

Բրիտանիոյ մէջ «Քովիտ»ի դէմ պատուաստուածներուն թիւը հասած է 25 միլիոնի

 

Մեծ Բրիտանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ առաջին պատուաստում ստացած է շուրջ 60 միլիոն բնակչութենէն աւելի քան 25 միլիոնը: Ինչպէս կը հաղորդէ Reuters-ը, այս մասին յայտնած է Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընը:
 «Սա անհաւատալի նուաճում է մեզի համար: Զգոյշօրէն վերաբանալով հասարակութեան՝ 25 միլիոն պատճառ ունինք աւելի վստահ ըլլալու ապագայի նկատմամբ»,- յայտարարած է Պորիս Ճոնսընը:
 Երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստումները մեկնարկած էին 8 դեկտեմբերին, երբ 90-ամեայ Մարկարեթ Քենանը, առաջինը աշխարհի մէջ, պատուաստուեցաւ Pfizer պատուաստանիւթով: Անկէ ետք Բրիտանիան սկսաւ պատուաստել առաջնահերթ խումբերը՝ տարեցները ու խոցելիները, ինչպէս նաեւ առաջնային բուժաշխատողները:
 Ներկայիս Pfizer կամ AstraZeneca պատուաստանիւթով պատուաստուած է ընդհանուր առմամբ 25 մլն 273 հազար 226 մարդ, իսկ անոնցմէ 1 մլն 759 հազար 445-ը արդէն ստացած են պատուաստանիւթի երկրորդ չափաբաժինը: