image

Մինչեւ այս օրերը «Քովիտ»էն մահացածներու թիւը կը հասնի 5 միլիոնի

Մինչեւ այս օրերը «Քովիտ»էն մահացածներու թիւը կը հասնի 5 միլիոնի

Աշխարհի վրայ «Քովիտ»էն մահացած մարդոց թիւը կը հասնի 5 միլիոնի շեմին:  

Համավարակի բռնկումէն ի վեր ամբողջ աշխարհի մէջ «Քովիտ-19»-էն մահացած է 4.992.387 մարդ, իսկ վարակուած է աւելի քան 246 միլիոնը:

Վարակուածներու թիւով առաջին տեղը կը շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգները (46.601.658 մարդ), երկրորդը Հնդկաստանն է (34.242.185), երրորդը՝ Պրազիլիան (21.766.168):

Նշենք, որ աշխարհի մէջ «Քովիտ»ի պատճառով մահացած մարդոց թիւը 4 միլիոնի հասած էր Յուլիսին: