image

Bloomberg. Իրանի հակահարուածը մօտալուտ է

Bloomberg. Իրանի հակահարուածը մօտալուտ է

Ամերիկեան Bloomberg գործակալութիւնը կը գրէ յառաջիկայ օրերուն Իսրայէլի ռազմական եւ կառավարական կառոյցներու վրայ Իրանի հնարաւոր յարձակման մասին՝ ի պատասխան Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ իր հիւպատոսութեան թիրախաւորման։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին»

Bloomberg հաղորդած է, որ, ըստ հետախուզական տեղեկատւութեանց ոլորտի պաշտօնատարներու Միացեալ Նահանգներ եւ անոր դաշնակիցները կը կարծեն, որ «Իրանի կամ անոր գործակալներու կողմէ» հրթիռային կամ անօդաչու թռչող սարքերու խոշոր հարուածները Իսրայէլի մէջ ռազմական եւ կառավարական թիրախներու դէմ «անխուսափելի են»։

Աղբիւրները, որոնք խնդրած են անանուն մնալ, Bloomberg-ին յայտնած են, որ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի հետախուզութեան գնահատականներու հիմնա վրայ, հնարաւոր յարձակումը՝ բարձր ճշգրտութեան հրթիռներու կիրառմամբ, կրնայ տեղի ունենալ մօտ օրերս՝ նշելով, որ յարձակումը կը դիտարկուի որպէս «ժամանակի հարց, եւ ոչ թէ՝ այն տեղի պիտի ունենայ թէ ոչ»:

Անոնց խօսքով, Իսրայէլի արեւմտեան դաշնակիցները տեղեկացուած են, որ Իսրայէլի կառավարական եւ ռազմական կառոյցները կրնան թիրախ դառնալ՝ աւելցնելով, որ «չակնկալուիր, որ քաղաքացիական կառոյցները թիրախ կը դառնան»։

Bloomberg, յղում ընելով աղբիւրներուն, յայտնած է, որ ամերիկացի պաշտօնեաներ կ՚օգնեն Իսրայէլին ծրագրելու մէջ եւ անոնց հետ կը փոխանակեն հետախուզական «գնահատականներ»ը:

Թերթը նաեւ հաստատած է, որ օտարերկրեայ դիւանագիտական ​​առաքելութիւնները «արդէն կը պատրաստուին» հնարաւոր հարուածներուն եւ կը մշակեն տարհանման անկանխատեսելի ծրագրեր։

Կը նշուի նաեւ, որ Իրանի վրէժխնդրութենէն վախնալու պատճառով Իսրայէլ փակած է աշխարհի մէջ իր 28 ներկայացուցչութիւնները։

Իր հերթին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան առաջնորդի ռազմական հարցերով խորհրդական Եահիա Ռահիմ Սաֆաուին հաստատած է, որ տարածաշրջանին մէջ Իսրայէլի դեսպանատուները «այլեւս անվտանգ չեն»:

Իրանի Շուրայի խորհուրդի նախագահ Մուհամէտ Պաքէր Քալիպաֆ  նոյնպէս ընդգծած է, որ Իսրայէլին սպասող պատիժը «դաժան դաս պիտի ըլլայ»։