image

Զգուշաւոր լռութի՞ւն, թէ «մօտալուտ» պայթում. Լիբանանի համար ճակատագրական օրեր

 Զգուշաւոր լռութի՞ւն, թէ «մօտալուտ» պայթում. Լիբանանի համար ճակատագրական օրեր

 Լիբանանի պարագային խնդիրը միայն անոր սահմանային հարցերը չեն, Իսրայէլի կամ Սուրիոյ հետ սահմանազտումի հարցը չէ, պաղեստինեան ապօրինի զէնքի հարցը չէ, ոչ ալ «Հըզպալլա»ի ունեցած ծանր զէնքերու հարցը, կամ տնտեսական ճգնաժամի մեծ ստուերը։ Այս բոլորը եթէ կան,՛ ապա անոնց կողքին կայ ու տիրական է քաղաքական անորոշութեան մը խնդիրը, որովհետեւ լիբանանցիք, ինչպէս մօտիկպ անցեալին, այսօր եւս չեն դադրած «հատուածական» մօտեցումներ ունենալէ ու այդ է հիմնականին մէջ, որ պատճառ կը դառնայ ներքին լարումներու, անցեալի պատերազմներուն վերադառնալու ահին ու սոսկումին ու նաեւ ապագային նայելու տեսլականի պակասին։

 Այս խճճուած ու աղօտ մթնոլորտին մէջ՝ քաղաքական փորձագէտները կը նշեն, թէ Իրանի ներկայ ռազմավարութիւնը հիմնուած է «սպասումի եւ վերահսկման» վրայ՝ ժամանակ շահելու եւ ճակատները վերադասաւորելու համար։ Թեհրան կը խուսափի ուղիղ բախումէ, բայց կը պահէ իր ցանցը ողջ տարածաշրջանին մէջ՝ Իրաքէն մինչեւ Լիբանան։ Իսկ Լիբանանը կը մնայ այն նուրբ թելին վրայ, ուր ամէն շարժում կրնայ պայթեցնել այն լռութիւնը, որ այսօր միայն մէկ բան կը յուշէ, որ իրավիճակը իրողապէս «Պայթումէն հինգ րոպէ առաջ» ընդհանուր վիճակ մըն է։

 

Լիբանանի մէջ տիրող «զգուշաւոր» լռութիւնը այսօր կրնանք խորագրել «պայթումէն հինգ րոպէ» ընդհանուր խորագրով։ Հասարակութեան մօտ առկայ է որոշակի վախ, որովհետեւ անցեալ տարի տեղի ունեցած պատերազմը ու ապա ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը, իրենց հետ չեն բերած կայունացման, հետեւաբար նաեւ ամբողջական խաղաղութիւն մը կերտուած տեսնելու հեռանկարը։ Նոր պատերազմի «հոտ»ը կը շրջի Պէյրութի փողոցներուն մէջ, մինչ միջազգային մամուլն ու տեղական դիւանագիտական աղբիւրները կը խօսին «հաւանական զարգացում»ի մը մասին, որ կրնայ կրկին ցնցել երկրի հարաւային սահմանը։ Իսրայէլեան աղբիւրները կը հաղորդեն, թէ Թէլ Աւիւ կը պատրաստուի «Հըզպալլա»ին ուղղուած լայնածաւալ հարուածի մը, իսկ ԱՄՆ դիւանագիտական շրջանակները կը քննարկեն «զսպող համաձայնութեան» հնարաւորութիւն մը՝ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ։ Այն ատեն, երբ արտաքին ճակատը լռած կը թուի, ներքին լիբանանեան հողին տակ կը շարժին անտեսանելի ցնցումներ։

Սուրիական վարչակարգի անկումէն ետք՝ 8 դեկտեմբեր 2024-ին , Իրանի համար նոր էջ մը բացուեցաւ։ Տասնամեակներով կառուցուած ռազմավարական առանցքը՝ Թեհրան–Դամասկոս–Պէյրութ գիծը, փլած էր՝ ստիպելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը վերատեսութեան ենթարկել Մերձաւոր Արեւլքի մէջ իր առաջ տարած ամբողջ խաղը։ Արդիւնքը եղաւ «փոխարինող միջանցքներ»ու որոնում՝ ծովային եւ օդային ուղիներու բացումով, որոնք պիտի փոխարինէին Սուրիոյ կորուսեալ ցամաքային ուղին։ Իրանի յատուկ ծառայութիւնները՝ յատկապէս «Յեղափոխութեան Պահապաններու գունդ»ի արտաքին գործողութիւններու բաժինը, սկսաւ օգտագործել Կարմիր ծովէն անցնող նաւային երթուղիներ, մինչեւ Եգիպտոսի Սուէզի ջրանցք եւ այնտեղէն դէպի Միջերկրական՝ հասնելով Լիբանանի եւ Կազայի ափերը։ Թեհրանը նաեւ ամրապնդեց իր ներկայութիւնը Սուտանի եւ Լիպիոյ նաւահանգիստներուն մէջ՝ ապահովելու համար զէնքի եւ դրամի փոխադրութիւնը դէպի իր դաշնակիցները։

Միաժամանակ, «Հըզպալլա»-ն սկսաւ նոր կառուցուածքով վերակազմուիլ՝ փորձելով վերականգնել այն ցանցը, որ քանդուած էր Սուրիոյ անկումէն ետք։ Լիբանանի հարաւի եւ Պեքայի հովիտին մէջ խմբաւորումներ ստեղծուեցան՝ անմիջապէս կապուած Թեհրանի մէջ գործող տարբեր միաւորներուն հետ, որոնք պատասխանատու են սպառազինութեան, դրամական հոսքերու եւ ռազմագիտական աջակցութեան համար։ Այս միաւորներու ղեկավարները փոխուեցան՝ նպատակ ունենալով արագացնել տեղական որոշումներու ընդունումը եւ անկախացնել շարժումը սուրիական միջնորդական օղակներէն։

Իրան, որ երկար տարիներ իր ազդեցութիւնը հիմնած էր Սուրիոյ տարածքին, այժմ ստիպուած է խաղալ առանց այդ սահմանային գօտիին։ Ատոր փոխարէն, Թեհրան կը փորձէ վերականգնել հին կապերը՝ Իրաքի շիիթ ուժերուն միջոցով, միաժամանակ վերակազմելով նոր միաւորումներ համադրելու համար իրաքեան եւ լիբանանեան ճակատները։ Այս ամբողջ ճիգը ունի մէկ ընդհանուր նպատակը՝ պահպանել այն, ինչ Իրան կը կոչէ «Հիմնական դիմադրութեան գիծ»։

Լիբանանի մէջ, սակայն, այս վերակազմական շարժումը կը հանդիպի ծանր տնտեսական եւ քաղաքական ճնշումներու։ Տարիներէ ի վեր Լիբանան կը գտնուի անկայունութեան մէջ, իսկ կառավարութիւնը՝ անզօր՝ հակազդելու արտաքին ուժերու մանաւանդ «Հըզպալլա»յի գերիշխանութեան։ ԱՄՆ-ի դիւանագիտական աղբիւրները կը նշեն, թէ Ուաշինկթըն կը պատրաստէ նոր ծրագիր մը՝ Լիբանանի բանակին համար՝ զսպելու շարժման զինուորական գերակայութիւնը։ Իսկ Ֆրանսա, որ երկար ատեն հաղորդակցութեան միջնորդ եղած է, ներկայիս կը խուսափի հրապարակային դիրքորոշումներէ՝ գիտնալով, որ որեւէ սուր յայտարարութիւն կրնայ հրահրել ներքին բախումներ։

 Միւս կողմէ Իսրայէլ կը շարունակէ իր ռազմավարական «ճատրակի խաղ»ը ։ Վերջին շաբաթներուն ան կտրուկ կերպով աւելցուց իր օդային եւ ծովային դիտարկումները՝ Լիբանանի հարաւային սահմանին վրայ, եւ մամուլի մէջ կը տարածուին լուրեր «նախահարձակ հարուած»ի մը պատրաստութեան մասին։ Կը խօսուի նաեւ, որ որոշ իսրայէլեան պաշտօնեաներ գաղտնի կերպով կը փորձեն համաձայնութեան հասնիլ Ուաշինկթընի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջնորդութեամբ՝ խուսափելու լայնածաւալ պատերազմի վտանգէն։

 Այս բոլորին զուգահեռ եւ ինչպէս վերեւը նշեցի Պէյրութի մէջ կը տիրէ վտանգաւոր լռութիւն։ Քաղաքը, որ միշտ ալ ապրած է սահմանի եզրին, այսօր կրկին կանգնած անտեսանելի ճակատամարտի մը շեմին։ Լուրեր կը շրջին նոր քաղաքական դաշինքներու շուրջ, սակայն յստակ ոչինչ կայ։ Քաղաքացիները՝ յոգնած աղքատացումէն եւ տասնամեայ անորոշութենէն, կը դիտարկեն երկրի ընդհանուր վիճակը «մութ երանգներ»ով ։ Մէկ կողմէ՝ Իրանի նոր խաղը կը փորձէ վերաձեւաւորել ամբողջ տարածաշրջանը, միւս կողմէն՝ Իսրայէլի հրամանատարութիւնը կը պատրաստուի հարուածի մը, որ կրնայ փոխել առկայ հաւասարակշռութիւնները։ Իսկ Լիբանանը՝ այդ երկու հսկաներուն միջեւ, դարձած է լուռ դաշտ մը, ուր ամէն շարժում կրնայ նշանակել նոր սկիզբ մը կամ նոր «վերջաւորութիւն» մը։ 

Խորքին մէջ այս բոլորը պէտք է ընկալել ու հասկնալ, իբրեւ տարածաշրջանային մեծ խաղի մը տախտակը, ուր անցեալի սեւերը վերածուած են սպիտակներու, իսկ փուլ մը առաջ իբրեւ սպիտակ ներկայացող միջազգային խաղացողները սկսած են վերածուիլ «լուռ վկաներ»ու։

 Ի վերջոյ այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ Կազայի մէջ ցոյց տուաւ բոլորին, որ Միացեալ Նահանգներ հակառակ իր ունեցած մեծ ներուժին անզօր դարձած է իրական խաղաղութիւն մը կերտելու բոլորին համար, այն պարագային, երբ ներկայացուած կամ հրամցուած խաղաղութիւնը հիմնուած է անարդար դատումներու կամ իրականութիւն դառնալու ուժ չունեցող, կամ ներկայութիւն չեղող դատաստաններու։

 Կազայի մէջ տեղի ունեցած դէպքերն անշուշտ մեծ դաս են Լիբանանի համար, որուն իշխանութիւնները ունին լուրջ խնդիր լուծելու համար «Հըզպալլա»ի ապօրինի զէնքին խնդիրը, որ կը շարունակէ «Դամոկլեան թուր»ի ծանր ազդեցութիւն ունենալ ամբողջ Լիբանանի եւ բոլոր լիբանանցիներուն համար։

 Այստեղ անշուշտ հարկ է հաշուի առնել այն փաստը, որ Լիբանանեան իրավիճակին առընթըեր մօտիկ անցեալին նախաձեռնութիւններ իրականացնող կողմներէն շատ-շատերը գրեթէ քաշուած են «մեծ խաղ»էն ու սկսած են գոհանալ սոսկ հաղորդագրութիւններ հրապարակելով։

 Այդ ազդեցիկ երկիրներէն մին կը համարուի Ֆրանսան, որուն արտաքին քաղաքականութիւնը սկսած է դառնալ խոցելի եւ նոյնիսկ անհասկնալի։ Տարբեր առիթներով ֆրանսայի յատուկ բանագնացներու հիմնական կայարան դարձած մայրաքաղաք Պէյրութը, այսօր «կարօտցած» է ֆրանսացի իր հարազատ բարեկամներուն։ Իսկ «Էլիզեան պալատ»ը, որ ամենատարբեր նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գար ատենի մը, այսօր սկսած է հասկնալ ու հաշտ աչքով դիտարկել, թէ մօտիկ անցեալի իր դերակատարութիւնը այլեւս չունի բաւարար ներուժ։ 

 Լիբանանի պարագային խնդիրը միայն անոր սահմանային հարցերը չեն, Իսրայէլի կամ Սուրիոյ հետ սահմանազտումի հարցը չէ, պաղեստինեան ապօրինի զէնքի հարցը չէ, ոչ ալ «Հըզպալլա»ի ունեցած ծանր զէնքերու հարցը, կամ տնտեսական ճգնաժամի մեծ ստուերը։ Այս բոլորը եթէ կան,՛ ապա անոնց կողքին կայ ու տիրական է քաղաքական անորոշութեան մը խնդիրը, որովհետեւ լիբանանցիք, ինչպէս մօտիկպ անցեալին, այսօր եւս չեն դադրած «հատուածական» մօտեցումներ ունենալէ ու այդ է հիմնականին մէջ, որ պատճառ կը դառնայ ներքին լարումներու, անցեալի պատերազմներուն վերադառնալու ահին ու սոսկումին ու նաեւ ապագային նայելու տեսլականի պակասին։

 Այս խճճուած ու աղօտ մթնոլորտին մէջ՝ քաղաքական փորձագէտները կը նշեն, թէ Իրանի ներկայ ռազմավարութիւնը հիմնուած է «սպասումի եւ վերահսկման» վրայ՝ ժամանակ շահելու եւ ճակատները վերադասաւորելու համար։ Թեհրան կը խուսափի ուղիղ բախումէ, բայց կը պահէ իր ցանցը ողջ տարածաշրջանին մէջ՝ Իրաքէն մինչեւ Լիբանան։ Իսկ Լիբանանը կը մնայ այն նուրբ թելին վրայ, ուր ամէն շարժում կրնայ պայթեցնել այն լռութիւնը, որ այսօր միայն մէկ բան կը յուշէ, որ իրավիճակը իրողապէս «Պայթումէն հինգ րոպէ առաջ» ընդհանուր վիճակ մըն է։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...