image
Հրատապ լուրեր:

Ակնարկ «Ազդակ»էն. «Մօտալուտ» յարձակումի զգուշացումը

Ակնարկ «Ազդակ»էն. «Մօտալուտ» յարձակումի զգուշացումը

Քաթարի մէջ Իսրայէլի կատարած գործողութեան արձագանգները անհրաժեշտ է մանրադիտակի տակ առնել` փորձել վերլուծելու համար, կարելի է ըսել, ոչ այնքան նախատեսելի այս իրադարձութեան պատճառահետեւանքային հիւսուածքը:

Համասի պատասխանատուները մեկնած էին Քաթար ամերիկեան առաջարկները քննարկելու` դէպի հրադադար ձգտող ենթադրեալ համաձայնութեան կէտերը: Այս դրուածքը անուղղակի կամ միջնորդաւորուած բանակցութիւններու գործընթաց է, որ տարբեր ուղղութիւններով տեղի կ՛ունենայ Ուաշինկթընի համակարգումով:

Ուրեմն շրջագիծը, այս պարագային, եռանկիւն դրուածք ունի` Ուաշինկթընի առաջարկներ, քաթարեան հարթակ եւ Համասի ներկայացուցչութիւն: Հանգուցային կէտը գերիներու կամ պատանդներու փոխանակումն է, ինչ որ Իսրայէլի համար կը թուէր, որ առաջնային նպատակ էր:

Այս փուլը կը խափանուէր Իսրայէլի կողմէ թիրախաւորելով Համասի պատասխանատուները: Ի դէպ, այս ոճը` տարբեր երկրի մէջ թիրախ նշանակելու եւ գործողութիւն իրականացնելու, Իսրայէլի համար ռազմական վարքագիծ է եւ ունի իր բազմաթիւ նախադէպերը` տարբեր երկիրներու մէջ:

Այս անուղղակի բանակցութիւններու մեկնարկին առընթեր եւ անկէ առաջ Թել Աւիւի բանակը անցած է Կազան ամբողջովին իր վերահսկողութեան տակ առնելու համածիր ծրագիրի իրականացման գործողութիւններուն: Այլ խօսքով` սաստկացնել յարձակումները, մինչեւ որ Համաս ամբողջական անձնատուութիւն յայտարարէ:

Ուրեմն, Իսրայէլ դէմ է որեւէ ենթադրեալ համաձայնութեան` մինչեւ իր յայտարարած նպատակին արմատական գործադրութիւնը: Պարզ էր նաեւ, որ գործող վարչապետը պիտի ուզէր իր լրումին հասցնել Կազայի ամբողջական վերահսկողութեան գործողութիւնները: Առանց այդ նպատակին հասնելուն` հրադադար կամ բանակցութիւններու մեկնարկ լրջօրէն խնդրոյ առարկայ պիտի դարձնէր Նեթանիահուի պաշտօնավարութեան շարունակումը:

Այս առաջադրանքները պէտք չէ աննկատ ձգել` փորձել ընկալելու համար իսրայէլեան խափանարարութիւնը եւ իսրայէլացի պատանդներու ճակատագիրին վտանգուիլը, ինչ որ բնականաբար աւելի պիտի թէժացնէ ներիսրայէլեան հասարակական եւ քաղաքական դաշտը` գործող վարչապետին եւ իր կառավարութեան դէմ:

Եղածը կոպիտ հարուած է նաեւ Տոհային, որուն արտաքին քաղաքականութիւնը կը դրսեւորուի` տարածաշրջանին մէջ արաբական Զուիցերիա դառնալու, միջնորդելու հակամարտութիւններուն, համաձայնութիւններու գոյացման գօտի դառնալու: Անկախ քաթարեան գերիշխանութեան հասցուած հզօր հարուածէն` այս մէկը հարուած է նաեւ Քաթարի ստանձնած առաքելութեան, ինչ որ շեշտուեցաւ պաշտօնական Տոհայի ներկայացուցիչներուն կողմէ եւս:

Դատապարտանքի հաղորդագրութիւնները համատարած են: Կան անշուշտ քաղաքական երանգային տարբերութիւններ մօտեցումներու մէջ: Ամէնէն ուշագրաւը ամերիկեանն է, որ բանաձեւուած է նախագահի եւ արտաքին գործոց նախարարի համապատասխան յայտարարութիւններուն մէջ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը պատահարին առիթով կ՛ընդգծէ, որ յարձակման որոշումը իրեն չի պատկանիր, այլ` Իսրայէլի վարչապետին, յստակացնելով, որ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից Քաթարի մէջ ինքնագլուխ ռմբակոծումը ո՛չ Իսրայէլի, ո՛չ ալ Ամերիկայի նպատակներուն կը ծառայէ:

Հիմա ուշադրութեամբ կարդանք Թրամփի յայտարարութեան այս բաժինը. «Ուիթքոֆի թելադրեցի քաթարցիները տեղեակ պահել մօտալուտ յարձակումի մասին, ինչ որ ան ըրաւ, սակայն դժբախտաբար ուշ, ըլլալէն ետք»:

Շատ մեկնաբանութեան չի կարօտիր այս մասը: Ուաշինկթընը տեղեակ եղած է, որ իր առաջարկները քննելու համար բանակցութիւններու մեկնող Համասի պատասխանատուներուն դէմ մօտալուտ յարձակում ծրագրուած է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահին համոզումով, այս յարձակումը կրնայ ստեղծել խաղաղութեան կայացման առիթ մը: Այս եզրակացութիւնն ալ կը յիշեցնէ մօտաւորապէս Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի նկատմամբ կիրարկուած զինուորական յարձակումին առիթով դարձեալ ամերիկացի նախագահին կողմէ նման յայտարարութիւն մը:

Գետնի վրայ արձանագրուող իրադարձութիւնը այն է, որ մէկ կողմէ ցեղային զտումի եւ ամբողջական գրաւման նպատակով գործողութիւններ կը ծաւալին Կազայի մէջ, միւս կողմէ` կ՛ընթանային անուղղակի բանակցութիւններ: Հիմա արդէն` խափանուած վիճակի մէջ: Յայտնաբար բանակցութիւնները պիտի առարկայանան Կազայի մէջ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք:

 

«Ա.»