Իրանի իշխանութիւնները յոյսով են, որ Թեհրանի մէջ պաղեստինեան «Համաս» շարժման քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյայի սպաննութեան պատասխանը ժամանակին կ'ըլլայ եւ չ'ազդեր Կազայի հատուածի հրադադարի շուրջ բանակցութիւններուն վրայ։
Այս մասին ըսուած է ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի տեւական ներկայացուցչութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
«Մենք ունինք ինքնապաշտպանութեան օրինական իրաւունք։ Այդ հարց է, որ բացարձակապէս կապ չունի Կազայի մէջ կրակի դադրեցման հետ: Այնուամենայնիւ, յոյսով ենք, որ մեր պատասխանը կ'ըլլայ ժամանակին եւ կեանքի կը կոչուի այնպէս, որ չի խոչընդոտեր հաւանական զինադադարին», - նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է նաեւ, որ Իրանի առաջնահերթութիւնը «Կազայի մէջ տեւական զինադադարի հաստատումն է», եւ Թեհրանը կը ճանչնայ ցանկացած համաձայնագիր, որ կ'ընդունի «Համաս»ը։