Երկու երեխաներու մայր Տելիա Փափազեանն ընտանիքով կը բնակէր նաւահանգիստին շատ մօտ թաղամասի մէջ եւ զոհ գացած է 4 օգոստոսին Պէյրութի խոշոր պայթումին: Այս մասին «Արեւելք»ը տեղեկացաւ Լիբանանէն:
Ան պայթումէն զոհուած 5-րդ հայն է: Նաւահանգիստի հզօր պայթումը նախնական տուեալներով 70 մարդու կեանք խլած է:
Աւելի վաղ յայտնած էինք քաղաքական գործիչ Նազար Նաճարեանի, քաղաքի կեդրոնի հիւանդանոցներէն մէկուն բուժքոյր Ճեսիքա Պէզճեանի մահուան մասին, եւս մէկ հայու՝ Ժագ Պարամաքեանի մահուան մասին յայտնած են հայկական լրատուամիջոցները:
Պէյրութի մէջ այսօր սուգ յայտարարուած է: