image

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը պիտի մասնակցի Պապի Հայաստան այցի միջոցառումներուն

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը պիտի մասնակցի Պապի Հայաստան այցի միջոցառումներուն

«Արեւելք»ի ունեցած տուեալներով, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը պիտի նախագահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հռոմի Պապի Երեւան այցելութեան մասնակցող պատուիրակութիւնը:

Պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սարգիսեան եւ Դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան:

Ֆրանսիս պապի  24-25 յունիսին Հայաստան պաշտօնական այցելութեան մէջ ներառնուած են կրօնական, պետական եւ հրապարակային հանդիպումներ ու այցելութիւններ: Պապի այցելութեան ծրագիրը մանրամասն կերպով արդէն իսկ հրապարակուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան դիւանին կողմէ: