«Արեւելք»ի ունեցած տուեալներով, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը պիտի նախագահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հռոմի Պապի Երեւան այցելութեան մասնակցող պատուիրակութիւնը:
Պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սարգիսեան եւ Դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան:
Ֆրանսիս պապի 24-25 յունիսին Հայաստան պաշտօնական այցելութեան մէջ ներառնուած են կրօնական, պետական եւ հրապարակային հանդիպումներ ու այցելութիւններ: Պապի այցելութեան ծրագիրը մանրամասն կերպով արդէն իսկ հրապարակուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան դիւանին կողմէ: