image

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութիւնը նոր պատգամաւոր ունի

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութիւնը նոր պատգամաւոր ունի

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը նոր պատգամաւոր ունի։ Մանթատը տրուած է Արմինէ Խերանեանին։

Ընդդիմադիր պատգամաւորը երդուած է՝ ստանձնելով իր լիազօրութիւնները։

Յիշեցնենք, որ յունուար 13-ին՝ ժամը 16:41-ի սահմաններուն, ՆԳՆ ՓԾ 911 ծառայութիւն զանգահարած էր քաղաքացի եւ յայտնած, որ Երեւան-Մեղրի ճանապարհի 90-րդ քմ հատուածին մէջ՝ ձորի մէջ, նկատած է շրջուած վիճակի մէջ գտնուող ընկերոջ «Հոնտան»։ Մեքենային մէջ եղած է Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Մհեր Սահակեանի դին:

Վաղաժամկէտ լիազօրութիւնները դադրեցուցած պատգամաւորի մանթատը անցած է ընտրական ցուցակի հերթական համարին՝ Արմինէ Խերանեանին: