Ազգային ժողովը այսօրուան նիստին վաւերացուցած է «ՀՀ եւ ՌԴ միջեւ՝ ՀՀ Զինուած ուժերու եւ ՌԴ Զինուած ուժերու զօրքերու (ուժերու) միացեալ խմբաւորման մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին ՀՀ օրէնքի նախագիծը:
Համաձայնագիրը ընդունուած է 83 կողմ, 7 դէմ ձայներով: Նախագծին դէմ էր «Ելք» խմբակցութիւնը:
Նշենք, որ համաձայնագիրը ուղղուած է ՀՀ Զինուած ուժերու եւ ՌԴ Զինուած ուժերու զօրքերու միջեւ նորմաթիւաիրաւական պազայի կատարելագործման, ռազմաքաղաքական իրավիճակի վերլուծութիւնը, կազմի եւ կիրառման հետ կապուած խնդիրներու համատեղ ծրագրաւորման:
Յիշեցնենք, որ խորհրդարանը նախորդ օրը քննարկուած հարցերու քուէարկութենէն ետք, այսօր պիտի անդրադառնայ կիսատ մնացած համաձայնագիրի քննարկման՝ ՌԴ կառավարութեան եւ Պելառուսի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ «Պաշտպանական համակարգեր» միջպետական ֆինանսաարդիւնաբերական խումբի ստեղծման մասին» 2000 թուականի փետրուարի 11-ի համաձայնագիրին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միանալու մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին նախագիծին:
Պիտի քննարկուի նաեւ «Ազատ առեւտրի գօտիի մասին 2011 թուականի հոկտեմբերի 18-ի պայմանագիրի մասնակից պետութիւններու միջեւ պետական գնումներու կարգաւորման կանոններու եւ ընթացակարգերու մասին» արձանագրութիւնը վաւերացնելու մասին հարցը, «Ռազմական գործողութիւններու ժամանակ հեղձուցիչ, թունաւորող կամ այլ կազերու օգտագործման եւ մանրէաբանական պատերազմի միջոցներու արգելման մասին» արձանագրութիւնը վաւերացնելու մասին նախագիծը:
Քննարկման պիտի ներկայացուի նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութեան միջեւ ներդրումներու խրախուսման եւ փոխադարձ պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին հարցը, « Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Լիւքսըմպըրկի Մեծ Դքսութեան կառավարութեան միջեւ օդային հաղորդակցութիւններու մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին հարցը եւ այլն: