image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ վստահեցուցած է Փեզեշքիանին, որ իրենք թոյլ չեն տար, որ իրենց տարածքն օգտագործուի Իրանը hարվածելու համար. ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպան

Ալիեւ վստահեցուցած է Փեզեշքիանին, որ իրենք թոյլ չեն տար, որ իրենց տարածքն օգտագործուի Իրանը hարվածելու համար. ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպան

Ալիեւ վստահեցուցած է Փեզեշքիանին, որ իրենք թոյլ չեն տար, որ իրենց տարածքն օգտագործուի Իրանը հարուածելու համար: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին:

«Մենք պաշտօնական տեղեկատւութիւն չունինք, որ նման բան տեղի ունեցած է, ուստի միայն մամուլի ենթադրութիւններու վրայ չենք կրնար դիրքորոշում յայտնել»,-ըսած է ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպանը:

Նշենք, որ օրեր առաջ Սոպհանին, վկայակոչելով հետախուզական տուեալները, ըսած էր, որ որոշ քանակութեամբ փոքր անօդաչու թռչող սարքեր Իրանի իսլամական հանրապետութիւն ներթափանցած են հարեւան երկիրներու տարածքէն: Ան ակնարկած էր, որ խօսքը Ատրպէյճանի մասին է: