image

Ազերի կայքահէններ փորձեցին վառ առնել Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի կայքէջը (Լուսանկար)

Ազերի կայքահէններ փորձեցին վառ առնել Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի կայքէջը (Լուսանկար)

 Աթէնք հրապարակուող «Ազատ օր»էն կը կարդանք՝

Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ ատրպէյճանական յարձակողականութեան զուհագեր, այլ պատերազմ մը, այս անգամ համացանցի վրայ, թուրք-ատրպէյճանցի կայքահէններու (Χάκερ) կողմէ ծաւալած է հայկական կայքէջներու հանդէպ։ Այս անգամ, թիրախ դարձաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի կայքէջը, որ ժամանակաւորապէս վառ առնուեցաւ, սակայն հետեւողական ջանքերու շնորհիւ այժմ վերահաստատուած է եւ գործէ կանոնաւորապէս։

Թուրք-ատրպէյճանցի կայքահէնները նկար մը տեղադրեցին, որուն վրայ կ՚երեւին թրքական եւ ատրպէյճանական դրօշները եւ երկու ցեղակիցներու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ արձանագրուած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ծանօթ սպառնալիքը Յունաստանին՝ «Կրնանք գիշեր մը յարկարծակի գալ» խօսքով։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայ դատի յանձնախումբի յայտարարութիւնը ատրպէյճանական լկտի գործողութեան ուղղութեամբ։