Այսօր Լիբանանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցող եւ նոր կառավարութեան կազմութեան վերաբերող խորհրդակցութեանց ծիրէն ներս իրենց կարծիքը տուած են նաեւ «Հայկական երեսփոխական պլոք»ի անդամները։
Այս մասին իմացանք MTV կայանէն։
Պլոքին անունով հանդէս եկած է ՀՅԴ ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունի, որ մասնաւորապէս ըսած է, թէ հայ համայնքը մաս պիտի կազմէ Վարչապետ Միքաթիի կազմելիք կառավարութեան։
Բագրատունի նաեւ ըսած է «Վարչապետին մօտ դրական շունչ մը զգացինք ու մեզի յայտնի դարձաւ, որ նոր կառավարութիւնը պիտի ըլլայ մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որ պիտի բաղկանայ 24 նախարարներէ»։
Բագրատունի նաեւ յոյս յայտնած է, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը կը հասկնայ ժողովուրդի ցաւերը եւ կը փորձէ լուծել երկրին մէջ առկայ հիմնահարցերը։
Ան պատասխանելով լրագրողի այն հարցին, որ ինչու հայկական պլոքը չառաջադրեց Նաժիպ Միքաթիի անունը եւ այսօր նոյն պլոքը պատրաստ է մաս կազմել Միքաթիի կառավարութեան ըսաւ « Վարչապետը պատրաստ է գործակցիլ բոլոր կողմերուն հետ, եւ իրեն քուէարկած ու նաեւ եւ անոնց հետ, որ իրեն չեն քուէարկած»։
Ան նաեւ նշած է, որ հայկական պլոքին կեցուածքը հեռու է ամբոխավարութիւնէ եւ երբեք կապ չունի յառաջիկայ մայիսին գոյանալիք խորհրդարանական ընտրութեանց հետ։
Յիշեցնենք, որ Նաժիպ Միքաթի, որ երէկ ստանալով 72 քուէ դարձած էր երկրի վարչապետ, այսօր խորհրդակցութիւններու ձեռնարկած է կազմելու համար նոր կառավարութիւն, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ երկիրը դուրս հանել տագնապալի իրավիճակէն։