image

Այսօրուընէ շուրջ 90%-ով պիտի նուազի դատաւորներու ծանրաբեռնուածութիւնը. Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ

Այսօրուընէ շուրջ 90%-ով պիտի նուազի դատաւորներու ծանրաբեռնուածութիւնը. Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ

11 Դեկտեմբերէն դրամատուները, վարկային կազմակերպութիւնները, ուժանիւթի, ջրային եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտի գործարկուները մինչեւ 2 միլիոն ՀՀ դրամը չգերազանցող գումարի բռնագանձման պահանջով իրենց դիմումները պիտի ներկայացնեն նոտարներուն, այլ ոչ թէ դատարան։

Այս մասին դիմատետրեան էջին գրած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Կարէն Անդրէասեանը` աւելցնելով, որ այս գործընթացի շնորհիւ շուրջ 90 տոկոսով պիտի նուազի դատաւորներու ծանրաբեռնուածութիւնը:

«Այսինքն՝ քաղաքացիական դատարաններում 2000-4000 գործ ունեցող դատաւորները յաջորդ տարուայ գարնանից կ՚ունենան 200-300 գործեր (այնքան, որքան զարգացած Եւրոպական երկրներում է):

Հետեւաբար՝ քաղաքացիական գործերը առաջին ատեանում 2024 թուականի կէսերից կը տեւեն ոչ թէ տարիներ, այլ մի քանի ամիս։ Այս բարեփոխումը տեւեց շուրջ մէկ տարի, քանի որ պէտք էր օրէնսդրական փոփոխութիւն, համակարգչային նոր ծրագրի մշակում, նոտարիատի եւ հարկադիր ծառայութեան ծրագրերի համակցում եւ նոտարիատի վերապատրաստում:

Նման կարեւոր բարեփոխման եւ մեծագոյն աջակցութեան համար շնորհակալ ենք Կառավարութեանը, Ազգային ժողովին, Արդարադատութեան նախարարութեանը, Դատական դեպարտամենտին, Նոտարական պալատին»,- գրած է ան: