Այսօր, 24 մարտին Ռուսիոյ մէջ համազգային սուգ յայտարարուած է՝ «Քրոքուս Սիթի Հոլլ»ի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ։
Վլատիմիր Փութին այդ մասին ըսած է Ռուսիոյ քաղաքացիներուն յղած ուղերձով։
Յիշեցնենք, որ 22 մարտին Փիքնիք խումբի համերգէն առաջ, զինուած յարձակում տեղի ունեցած է Մոսկուայի «Քրոքուս Սիթի Հոլ»-ին վրայ։
Վերջին տուեալներով՝ ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուած է 143 մարդ: