Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի ընտրութիւններու քուէարկութեան համար ընտրատեղամասերը ՀՀ-ի մէջ կը բացուին 17 մարտին ժամը 08.00-ին եւ կ'աշխատին մինչեւ 20.00։
Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ–ի մօտ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատունը:
Երեւանի թիւ 8026 ընտրատեղամասը կը գտնուի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան տարածք, իսկ թիւ 8031 ընտրատեղամասը՝ Կիւմրիի ՌԴ գլխաւոր հիւպատոսարան:
Յիշեցնենք, որ 15 մարտին Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւններն սկսան։ Քուէարկութիւնը առաջին անգամ կը տեւէ երեք օր։
Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնին կը յաւակնին ՌԴ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կողմէ գրանցուած չորս թեկնածուներ՝ Լէոնիտ Սլուցքի, Նիքոլայ Խարիթոնով, Վլատիսլաւ Տաւանքով եւ Վլատիմիր Փութին: