image

«Համաս» յայտարարած է, որ կը համաձայնի զինաթափուիլ Կազայի մէջ, եթէ ստեղծուի Պաղեստինեան պետութիւն

«Համաս» յայտարարած է, որ կը համաձայնի զինաթափուիլ Կազայի մէջ, եթէ ստեղծուի Պաղեստինեան պետութիւն

«Համաս» յայտարարած է, որ կը համաձայնի դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները Կազայի հատուածին մէջ միայն այն պարագային, եթէ բանակցութիւններու միջոցաւ ստեղծուի Պաղեստինեան պետութիւն` հաղորդած է The Times of Israel-ը՝ յղում ընելով աղբիւրներուն։

«Համաս»-ի խօսնակը յայտնելով իր դիրքորոշումը, ըսած է, որ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը «չի կրնար կատարուիլ ուժով կամ վերջնագրերով»։

«Իսրայէլը երկու տարի շարունակ օգտագործած է իր ամբողջ ռազմական հզօրութիւնը՝ ստիպելու «Համաս»-ին զէնքը վար դնել, եւ ձախողած է»,- աւելցուցած է The Times of Israel-ի աղբյուրը։

Հոկտեմբեր 9-ի գիշերը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած էր, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը եւ «Համաս»-ը համաձայնած են Կազայի հակամարտութեան լուծման վերաբերեալ Ուաշինկթընի առաջարկած ծրագրի առաջին փուլին։

Ծրագրի համաձայն՝ «Համաս»-ը պէտք է հրաժարի Կազայի կառավարման մասնակցելու որեւէ ձեւէ։ Բոլոր ռազմական, ահաբեկչական եւ յարձակողական ենթակառուցուածքները, ներառեալ փապուղիները եւ զէնքի արտադրութեան կառոյցները պիտի ոչնչացուին եւ չվերակառուցուին։ Կազայի մէջ անկախ դիտորդներու հսկողութեան ներքոյ պիտի իրականացուի ապառազմականացման գործընթաց, ներառեալ զէնքի վերջնական ոչնչացումը։

Հրադադարը բազմիցս խախտուած է։