image

Այնճարի մէջ. Ըմպելի ջուրի մատակարարումը ապահովելու համար կարեւոր աշխատանքներ (Լուսանկարներ)

Այնճարի մէջ. Ըմպելի ջուրի մատակարարումը ապահովելու համար  կարեւոր  աշխատանքներ (Լուսանկարներ)

Լիբանանի Այնճար հայաւանի պատասխանատու մարմինները, ի դէմս ըմպելի ջուրի յանձնախումբի, ամբողջ թափով կը շարունակեն գիւղին մէջ ըմպելի ջուրի մատակարարման դժուարութիւններու յաղթահարման աշխատանքները։

Այս ծիրէն ներս Այնճար աւանին մէջ կը շարունակուի ջրային խողովակներու տեղադրման ծրագիրը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Մուսալեռ-Այնճար դիմատետրեան էջէն, ուր հրապարակուած նկարներուն կից գրուած է՝

Այնճարի Ըմպելի ջուրի յանձնախումբը,  բերդի արեւմտեան կողմը, նոր մայր խողովակ տեղադրեց, 430 մեթր երկարութեամբ։

Յանձնախումբը ճիգ չի խնայեր եւ կարելին կ'ընէ, կանխելու համար ջուրի մատակարարման դժուարութիւնները։

Ստորեւ կատարուած աշխատանքները լուսանկարներով։