«ՊԷՅՐՈՒԹ – ՓԱՐԻԶ, ՓԱՐԻԶ – ՊԷՅՐՈՒԹ». ԳՐԵԼԸ ԱՅԼՈՒՐ (ԿԱՐԵԼԻ) Է
Ընթերցումին սկիզբը այն միևնոյնշաբթին էր որ արձանագրեցիր, ինչպէս սովորաբար, առաջին էջին վրայ. 17.10.2021:
Այլընթերցումներով ընդմիջուած ԵՐԿՈՒՔին ամբողջացումը երկար ժամանակ առաւ -whatever that means երբ հարցը յաւերժընթերցումին կը վերաբերի: Գրիգոր Պըլտեանին հատորը շատոնց գրադարանին մէջն էր: Բայց ինչ-ինչ պատճառներով ԿՐԿՆԱԳԻՐ ՄԱՐԴԸ կլանեց քեզ, յետոյ ՇՐՋՈՒՄը, ապա այնքան սպասուած ՅԱԿՈԲՆԵՐը: Ճի՞շդ է արդեօք ընդգծել «... ձայնը որմէ կը փախչէիր, ան որ կը բերէ Վարդուհին և անոր անխուսափելի աղէտը» (28) և քովը աստղանիշով ենթադրել որ հիմնականին մէջ պատմութիւնը այդ մասին է: Թերևս: Բայց ոչ միայն:
Կան վայրերը: Անձերէն անդին: Անձերէն կարևո՞ր...
Կայ Ճեմարանը՝
«դպրոցակա՛ն է, Ճեմարանէն,...» (47)
«ըհ... Ճեմարան կ'երթաս եղեր,...» (128)
«կը սիրէի գրականութեան դասատու Տիկինին ձայնը, արտասանելու կերպը, որ յետագային երբեք պիտի չլսէի,» (429)
«Անթուանի, մանաւանդ Ճեմարանի գրադարանի դարանները կը բացուէին առջևս, նախորդ դարէն մնացած գրադարան մը, Հոգատարութեան օրերէն ժառանգուած, որ իմս եղած էր կարծես:» (445)
«իսկ դուն Ճեմարան արձանագրուելէդ ի վեր դադրեր ես դպիրի պաշտօններ կատարելէ, կնունքի, հարսնիքի, թաղումի, արարողութիւններուն քեզ դպրապետը չի կանչեր այլևս, ակամայ կը հաստատես մայրիկին նախազգացումը, այնտեղ աղօթել պիլէ չեն սորվեցներ,» (462) -«ըմբոստ կը մեծցնեն ձեզի, ըմբո՛ստ», կ'ըսէր ըդվզած քեռկինս, Թանթ Լիւսին, երբ Շանթեան ոճով և պարոն Շահինեանի սրամտութեամբ հարցականի տակ կը դնէի բոլոր կրօնական սովորութիւններն ու հաւատքը, թէև այդ կ'ըլլար Կաթողիկէ Ծնունդի, Նոր Տարուայ, Սուրբ Ծնունդի, Բարեկենդանի թէ Զատկուայ ընտանեկան հաւաքներուն, ճաշի սեղանին շուրջ, պատարագէն յետոյ...
«ինչպէս մայրիկը կ'ըսէ յաճախ, տեղ մը գտածիդ պէս հոն կեցիր, իրենք այդպէս ըրեր են և ատոր համար յաջողեր են մինչև հոս հասնիլ ու քեզ նետել Ճեմարան, քիչ բան չէ, ետքը անյայտն է,» (487)
Եւ կայ Պէյրութը:
GPS-էն առաջուայ Պէյրութը, այն որ չճանչցար, կամ հազիւ: Կայ բոլոր էջերուն մէջ, գրեթէ, Այն Մերէյսին, Ռաուշէն, Հանրային պարտէզը, Սէրայն ու Համրան -քեզի ծանօթ վայրերը, միւսները՝ Սուք Սըրսոք, Պապ Իտրիս... հազիւ յիշատակ են, և անծանօթ երբ անհոգի վերակենդանացան շատ յետոյ, պատերազմի (իբր թէ) աւարտէն ետք:
Կայ ա՛յն Պէյրութը, որմէ հեռանալու, փախելու որոշումը ա՛յն ժամանակ արդէն անհրաժեշտ էր.
«կը տնտնայի Հանրային պարտէզի նստարանին վրայ, պարապ աչքերով դիտելու համար կապոյտ ցայտաղբիւրը, փողոցի երկայնքին ճագարանտայի ծառերը, անոնց շուքերու ետին անցնող շքեղ մակնիշով ինքնաշարժները իրենց անբան ճչակներով, իրենց պոռպռան, հայհոյանք թքնող, շփացած տէրերով, քաղաքին փոշոտ ու անհեթեթ աղմուկը, Պէյրութը իր ամառնային թունաւոր տապով, Պէյրութը զուարճագին ու մահացու, Պէյրութը եօթը անգամ կործանած, եօթը անգամ կառուցուած, իր մէկէն մթնող երկնքով.
ո՛չ մէկ հորիզոն.
պարտէզը կը նմանէր բանտի մը ուրկէ պիտի խոյս տայի,» (455 - 456)
Հանրային պարտէզը փոխարինէ Միջերկրականով, ամառնային արևոտ օր մը, երբ արդէն կարելի էին քաղքենի հաճոյքները որովհետև կ'աշխատէիր և կրնայիք ընկերոջդ հետ ամառնային եղանակին Լոնկ Պիչ-ի առաջին կարգի ապոնըման վերցնել, և հոն էիք ամէն Շաբաթ և Կիրակի անպայման, երբեմն նաև շաբթուայ մէջ, և այդ օր... այդ օր հայեացքդ կորսուեցաւ հորիզոնին, և գիտցար որ հորիզոն չէ այն, այլ՝ բանտ:
«... ե՛լ, գնա՛, աշխա՛րհ տես, ապրէ՛, նայէ ի՞նչ կ'ընեն ուրիշները, եթէ մարդ կ'ուզես ըլլալ, դո՛ւն, դո՛ւն կ'ըսեմ, ոջ թէ շատերէն մէկը, դո՛ւրս որջէդ, կաշիէդ, կէթոյէդ, երկրէդ, սահմանէդ, թափուէ՛, պոռթկա՛, կարդա՛, սորվէ՛, լա՛ց, մոռցի՛ր, օր մը արդէն այս օրն ալ կը մոռնաս, պէտք է մոռնաս, ինչ որ բնիկ է կը կաշկանդէ, կը սեղմէ, կը քնացնէ մինչև մեռցնէ, հոս շատ-շատ... վիժո՛ւկ մը կ'ըլլաս... կամ ալ...» (491)
Անհեթեթ կրնայ թուիլ, բայց կ'ուզես հարցնել. «կարելի՞ էր գրել առանց հեռանալու»: Թէ՞ գրելը այլուր է -ինչպէս կեանքը, ինչպէս Milan Kundera-ի գրքին խորագիրը՝ LIFE IS ELSWHERE, կը յուշէ:
Սակայն կը գրես այն լեզուով որ հոն խօսեցար, հոն ծաղկեցաւ, հոն գրուեցաւ, հոն սորվեցար, հոն... մնաց, և անկէ հեռանալու տեղ չունիս, այլընտրանք չկայ, չես թոյլ տուած դուն քեզի: Պէյրութէն անդին, եթէ գրեցիր և պիտի գրես, Սփիւռքն է, և հոն է Պէյրութը, որուն կործանիչ աղտոտ առաւօտները թէկուզ և մոռնալ ուզես մի՛շտ, բայց Միջերկրականի իրիկնամուտն ու այն գիշերը նաև հոս են՝ Հարաւային ծայրամասը հայասփռումին, պատշգամին, ուր փութացիր աւարտելու գիրքը մէկ օր առաջ մնացած սիկառին վերջին ամենազզուելիօրէն հաճելի ծուխով: Սիկառին մնացորդացը վառած ատեն կայծհանին կրակին ջերմութիւնը զգացիր երեսիդ, քիչ մնաց քիթդ պիտի վառէր, և մնացորդաց սիկառին վերջին մնացորդացը ձեռքէդ ինկաւ որովհետև անկարելի էր մատներուդ մէջ բռնել զայն, արդէն զգացիր այրոցքին սպառնալիքը, բայց յամառեցար ընթերցումը աւարտել, ապա՝
08.02.2022 գրեցիր վերջին էջին, 549, վարը, ճերմակ տեղը: Նոյն այն էջին ուր կարդացիր՝ «Այնքան սփռուեր եմ, կ'ըսես, որ կը գտնեմ քեզ»: