image

Աւարտեցաւ ՍԴՀԿ համագումարը. Համբիկ Սարաֆեան վերընտրուած է կուսակցութեան Ատենապետ

Աւարտեցաւ  ՍԴՀԿ  համագումարը. Համբիկ Սարաֆեան   վերընտրուած է   կուսակցութեան  Ատենապետ

Երէկ    գիշեր  իր աւարտին հասած է ՍԴՀԿ  հերթական համագումարը: Այս մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Երեւանի իր աղբիւրէն:  Մեր  աղբիւրը   նաեւ յայտնեց, որ  աշխարհի    չորս  ծագերէն     սոյն համագումարին  իրենց մասնակցութիւնը բերած   Հնչակեան   գործիչներ, քննարկելէ ետք    ժողովի  ընդհանուր  օրակարգերը,   ընտրած  են  կուսակցութիւնը ղեկավարելու կոչուած    Կեդրոնական Վարչութիւն:

Նշենք, որ  ՍԴՀԿ  Կեդրոնական  Վարչութեան  նորընտիր կազմը կը գլխաւոր  Տօքթ. Համբիկ  Սարաֆեան,  որ  վերընտրուած է  այս   պաշտօնին համար: