image

Ատրպէյճանը կարեւոր ռազմավարական գործընկեր է եւ յուսալի դաշնակից. Պաքուի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութիւն

Ատրպէյճանը կարեւոր ռազմավարական գործընկեր է եւ յուսալի դաշնակից. Պաքուի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութիւն

Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման օրուան առթիւ ուղերձին մէջ Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութիւնը նշած է, որ Ատրպէյճանը կարեւոր ռազմավարական գործընկեր է, բարի հարեւան եւ Ռուսիոյ յուսալի դաշնակից։

«Պետութիւններու միջեւ փոխգործակցութեան զարգացումը կը նպաստէ Հարաւային Կովկասի եւ Կասպեան տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման», -ըսուած է ուղերձին մէջ։

Դիւանագիտական առաքելութիւնն ընդգծած է, որ կայ երկուստեք շահագրգռուածութիւն ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշինքի հետագայ զարգացման հարցով։

Նշենք, որ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութիւնը 3 ապրիլին ուղերձ յղած էր հայ-ռուսական յարաբերութիւններու հաստատման օրուան առթիւ, եւ նշած, որ երկու երկիրներու շփման մէջ կան ե՛ւ հակասութիւններ, ե՛ւ փոխադարձ պահանջներ, սակայն «երկկողմ յարաբերութիւններու հիմքը կը մնայ նոյնը»։