Եւրոմիութիւնը կը նախատեսէ լրացուցիչ 2 միլիոն եւրօ յատկացնել Ատրպէյճանին ականազերծման համար: Այդ մասին Պաքուի մէջ յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով գլխաւոր տնօրէն Խերթ Եան Քոոփմանը:
«Այսօր ես շատ ուրախ եմ յայտարարելու, որ այս տարի լրացուցիչ 2 միլիոն եւրօ դրամաշնորհային ֆինանսաւորում պիտի յատկացուի՝ ականազերծման ոլորտի մէջ կարողութիւններու հետագայ ամրապնդման նպատակով լրացուցիչ արուեստագիտական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար»,- ըսած է պաշտօնեան։