Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատւութիւն տարածել։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:
Հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ իբր Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումները նոյեմբեր 26-ի ժամը 09:25-10:10-ի ժամանակահատուածին կրակ բացած են Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի եւ Մարտունիի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան։