image

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատւութիւն տարածել․ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատւութիւն տարածել․ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատւութիւն տարածել։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ իբր Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումները նոյեմբեր 26-ի ժամը 09:25-10:10-ի ժամանակահատուածին կրակ բացած են Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի եւ Մարտունիի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան։