Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան Ատրպէյճանի հերթական սադրանքը կը համարէ Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին փակելու քայլը:
Բեգլարեանի համար ակնյայտ է, որ, մայրուղին փակելով, փորձ կը կատարուի խզելու Արցախի եւ Հայաստանի միակ կապը։
Այս մասին Բեգլարեան գրած է «Թելեկրամ»-ի իր ալիքին՝ աւելցնելով, որ այդ կապը եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու համաձայն՝ կ'ապահովէ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը։
«Այսպիսով, Ատրպէյճանի գործողութիւնները ուղղուած են Արցախի խաղաղ բնակչութեան եւ խաղաղապահներու դէմ։ Յոյսով եմ, որ ճանապարհային հաղորդակցութիւնը պիտի վերականգնուի»,-ըսած է Արտակ Բեգլարեան:
«Թուիթըր»-ի իր էջին ալ Բեգլարեան գրած է, որ շուրջ 2 ժամ է, որ Ատրպէյճանը շրջափակման մէջ կը պահէ Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը: «Արցախից մեքենաներ դուրս չեն գալիս եւ մուտք չեն գործում Արցախ: Մեր ժողովուրդը հումանիտար աղէտի բախուելու շեմին է»,- գրած է ան՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանը կ'ուզէ էթնիք զտում իրականացնել Արցախի մէջ: