image

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը պիտի մեկնի Վրաստան

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը պիտի մեկնի Վրաստան

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յունիս 27-ին պիտի մեկնի Վրաստան:

Այցի շրջածիրէն ներս նախատեսուած են հանդիպումներ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլեա Տարչիաշվիլիի, վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի եւ խորհրդարանի խօսնակ Շալվա Փափուաշվիլիի հետ:

Բանակցութիւններու ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմ համագործակցութեան հարցեր եւ տարածաշրջանային խնդիրներ:

Նշենք, որ Թիֆլիսի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները կը զարգանան նաեւ եռակողմ համագործակցութեան ձեւաչափով՝ Անգարայի մասնակցութեամբ:

Մարտին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած էր Վրաստանի, Ատրպէյճնի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու 9-րդ հանդիպումը։