Գանատան, Միացեալ Թագաւորութիւնը, Աւստրալիան, Ճափոնը, Պրազիլը, Քոլոմպիան, Ինտոնեզիան, Յորդանանը, Սիեռա Լէոնէ եւ Զուիցերիան համատեղ յայտարարութիւն տարածած են՝ խոր մտահոգութիւն յայտնելով Լիբանանի մէջ վատթարացող մարդասիրական կացութեան եւ տեղահանուածներու հետ կապուած ճգնաժամին վերաբերեալ։
Այս մասին կը հաղորդէ Al Jazeera-ն։
Ողջունելով Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ հրադադարը՝ երկիրները նաեւ կոչ ըրած են «անմիջապէս դադրեցնելու Լիբանանի մէջ ռազմական գործողութիւնները»։
«Քաղաքացիական անձերը եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները պէտք է պաշտպանուին ռազմական գործողութիւններու հետեւանքներէն։ Մարդասիրական անձնակազմը, որ յանձնառու է պաշտպանելու եւ օգնելու ամենախոցելիներուն, պէտք է յարգուի եւ պաշտպանուի»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։
«Մարդասիրական անձնակազմի անվտանգութեան սպառնացող յարձակումները պէտք է դադրին։ Միջազգային մարդասիրական իրաւունքը պէտք է պահպանուի հակամարտութեան բոլոր կողմերուն կողմէ՝ բոլոր պայմաններուն մէջ»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Երկիրները նաեւ «ամենախիստ կերպով դատապարտած են այն գործողութիւնները, որոնց հետեւանքով սպաննուած են ՄԱԿ-ի խաղաղապահներ եւ զգալիօրէն աւելցած են հարաւային Լիբանանի մէջ մարդասիրական անձնակազմին դիմաց ծառացած վտանգները»։
Լիբանանը Մարտ 2-էն ի վեր ներքաշուած է Մերձաւոր Արեւելքի պատերազմին մէջ, այն բանէն ետք, երբ Իրանի աջակցութեամբ «Հըզպալլա» շարժումը հրթիռներ արձակած է Իսրայէլի վրայ։ Ի պատասխան՝ Իսրայէլ իրականացուցած է ցամաքային եւ օդային սաստիկ յարձակումներ Լիբանանի վրայ։
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Մարտ 2-էն մինչեւ Ապրիլ 14 ինկած ժամանակահատուածին զոհերու ընդհանուր թիւը հասած է 2124-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 6921-ի։