Ատրպէյճանական բանակը պիտի ստանայ նոր ժամանակակից սպառազինութիւն եւ ռազմական սարքեր. այս մասին ըսած է այդ երկրի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը, գրած է report.az-ը:
Ան նշած է, որ 1 միլիառ 105 միլիոն մանաթ յատկացուած է երկրի պաշտպանունակութեան եւ ազգային անվտանգութեան միջոցառումներու ամրապնդման համար:
Զաքիրովի խօսքով՝ գումարը թոյլ կու տայ բանակին մէջ իրականացուող բարեփոխումներու շրջածիրէն ներս ձեռք բերել նոր ժամանակակից սպառազինութիւն եւ ռազմական սարքեր։