image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան գերի տարուած հայուհին Հայաստան վերադարձած է

Ատրպէյճան գերի տարուած հայուհին Հայաստան վերադարձած է

 

ՀՀ քաղաքացի Ազնիւ Պաղտասարեանը, որուն ատրպէյճանցի զինուորականները ստիպած էին նկարուիլ կեղծ հոլովակի մէջ, վերադարձած է հայրենիք:  Պաղտասարեանը Sputnik Armenia-ին պատմած է, որ երեք այլ գերիներու հետ վերադարձած է Հայաստան:

Ան նշած է, որ կը փորձէ յարմարիլ հանգիստ կեանքին, կը շփուի հարեւաններու հետ եւ միաւորուած է իր կատուի` Պուշոկի հետ:

Նշենք, որ Պաղտասարեանը  Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մեջ գտնուած է աւելի քան 2 ամիս:


Ազնիվ Բաղդասարյան