image

«Աճիւններուն Ձեռք Տալը Մեր Նախնիներու Յիշատակը Անարգող Արարք է» «Արեւելք»ին Ըսաւ Անիթա Թութիկեան

«Աճիւններուն Ձեռք Տալը  Մեր Նախնիներու Յիշատակը Անարգող Արարք է»  «Արեւելք»ին Ըսաւ Անիթա Թութիկեան

«Մենք իրազեկուած չենք, թէ նիւթական ինչպիսի պայմաններու մէջ կը գտնուի Անթիլիասը, թէ ան ինչքանով ստիպուած կը զգայ նման քայլի մը դիմելու». «Արեւելք»ին յայտնեց լիբանանահայ արուեստագէտ Անիթա Թութիկեան: Ան նաեւ  սխալ համարեց  «Թռչնոց Բոյն»ի  կից եղող գերեզմանատան հաւանական փոխադրութեան առթիւ վերջին  օրերուն բարձրացուած վիրաւորական եւ յարձակողական ոճով եղած գրառումները: Ըստ Թութիկեանի, պէտք է լաւ հասկնալ  նման որոշում մը կայացնելու դրդապատճառները եւ յետոյ զգաստօրէն կարծիքը յայտնել տուեալ խնդրին շուրջ:Անիթա Թութիկեան նաեւ ըսաւ, թէ ինք դէմ է աճիւններու տեղափոխման գաղափարին եւ նկատել  տուաւ, որ    հոն եղող շիրիմները սրբութիւն են  ու զանոնք տեղափոխելու փորձը կրնայ նախադէպ  ստեղծել յառաջիկային եւս նման տեղափոխութիւններ կատարելու եւ ազգային սրբութիւնները ոտնահարելու իմաստով: Անիթա Թութիկեան աճիւններուն ձեռք տալը սեպեց մեր նախնիներու յիշատակը անարգող արարք: Նախնիներու յիշատակը յարգելու միտքը աւելի պարզաբանելու համար, Անիթա Թութիկեան յիշեց Պէյրութի հայկական քէմփի («Քէմփ Սանճաք») շահարկման դրուելու պատմութիւնը նշելով,  որ եղածը բաց վէրք մը պիտի մնայ հայութեան սրտին եւ հաստատեց, որ այդ արարքը պատմական սխալ մըն էր, ուր հայկական քէմփը կենդանի թանգարանի մը վերածելու եւ հոն մեր պատմութեան ամենածանր օրերու վկայութիւնները պարփակող վայրի մը վերածելու փոխարէն, զուտ շահութաբեր նկատառումներով, վերածուեցաւ իրնքնաշարժի կայանատեղիի:  Թութիկեան պարզաբանեց, որ ճիշդ է, որ իրեն համար փափաքելի է գերեզմանատան պահպանումը, սակայն բոլորովին դէմ չէ «Թռչնոց Բոյն» համալիրի մօտ զբօսաշրջային կեդրոն մը բանալու գաղափարին եւ  ըսաւ,- « ես կողմ եմ, որ պահպանուի գերեզմանը, բայց միեւնոյն ժամանակ կողմ եմ, որ կաթողիկոսարանի կողմէ շահարկման դրուի տարածքը եւ բարեփոխուի, դառնայ հայկական ծովեզերեայ տարածք մը, օգտագործուի հայութեան կողմէ, զարգացուի եւ արդիական տեղի մը վերածուի»: Որպէս լաւագոյն լուծում ան կողմնակից է, որ «Թռչնոց Բոյն»ը վերածուի ընտանեկան ժամանցավայրի մը, ուր հայ ընտանիքներ հոն երթալով հնարաւորութիւն կ'ունենան շաբաթավերջի արձակուրդը անցընել ծովափին, միաժամանակ զայն օգտագործել որպէս ուխտատեղի, ծանօթանալ հոն գտնուող հայկական կառոյցին ու գերեզմանատան պատմութեան: Ա. Թութիկեան համոզուած է, որ այդպիսով առաւել կ'աշխուժանայ «Թռչնոց Բոյն»ի նշանակութիւնն ու դերը եւ եկամուտ հայթայթող աղբիւրի մը կը վերածուի:Որպէս գործնական առաջարկ, Թութիկեան  առաջարկեց, դանիացիներու կողմէ  հայութեան շնորհուած տարածքի ճակատագիրը տնօրինել  լսելէ ետք բոլոր կողմերուն կարծիքը: Թութիկեան կոչ ուղեց վիրաւորական խօսքերէ եւ մեղադրանքներէ հեռու մնալ եւ ըսաւ, որ ընկերային ցանցերու վրայ կարծիքներու փոխանակումը այս պարագային յատկապէս դրական արդիւնքներ տուաւ  յոյս յայտնելով, որ Անթիլիասի կաթողկոսարանը ականջալուր կ'ըլլայ  հայորդիներու մտահոգութիւններուն եւ   կը փորձէ երկխօսութեան ճանապարհով բոլոր հարցերը կարգաւորել: