Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատն օրէնսդրական հրամանագիր ստորագրած է մինչեւ 2024 թուականի սեպտեմբեր 22-ը կատարուած յանցագործութիւններու համընդհանուր համաներման մասին։ Այս մասին յայտնած է sana.sy կայքը:
Համաներումն ամբողջութեամբ կ՚ազատէ զանցանքներու, իրաւախախտումներու, զինուորական ծառայութենէն խուսափելու, ինչպէս նաեւ այլ յանցագործութիւններու համար նախատեսուած պատիժէն։
Այնուամենայնիւ, համաներումը չի տարածուիր «հասարակութեան եւ պետութեան վրայ լուրջ յարձակում ներկայացնող որոշ իրաւախախտումներու վրայ»: