Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամէնիին հեռացած է Թեհրանէն։
Այս մասին լուրը հաղորդած է «Ռօյթըրզ» գործակալութիւնը։
Կը նշուի նաեւ, որ Հոգեւոր Առաջնորդին բռնած ուղղութիւնը տակաւին անյայտ է։
Ի դէպ աւելի վաղ լրատուական ծառայութիւններ յայտնած էին, որ Իսրայէլեան կործանիչներ հարուածներ հասցուցած են Ալի Խամէնիի բնակութեան վայրին մերձակայքը։