image

Արշաւներու Կախարդական Ուժը

Արշաւներու Կախարդական Ուժը

«Ես անսահման սիրում եմ մեր երկիրը: Եթէ ես մի քանի րոպեով կրթութեան եւ գիտութեան նախարար լինէի՝ հաստատ մի քայլ կ'անէի որ մեր հանրակրթական դպրոցները ուղղակի պարտաւորուած լինէին երեխեքին արշաւներ տանել, ըստ դասարանների. միջին դասարանների համար մէկօրեայ, բարձր դասարանների համար արդէն նաեւ բազմօրեայ արշաւներ»: Այս խոսքերուն հեղինակը պատմաբան, հետազօտող,  հայկական ճարտարապետութեան փորձագէտ, գիտնական՝ Սամվել Կարապետեանն է: 

Արշաւագնացութիւնը սոսկ շրջագայելը չէ, այլ հայրենիքի հետ պարբերաբար նորոգուող ուխտ: Այն ապագայ հայ քաղաքացին, ով վաղ տարիքին հասցուցած կ'ըլլայ գոնէ նուազագոյնս ճանչնալ իր հայրենիքի գեղեցկութիւնը, ըմբոշխնել ու հաղորդակցուիլ, ապագային՝ ամբողջովին ուրիշ որակի քաղաքացի մը պիտի ըլլայ: Հայրենաճանաչութիւնը աներեւոյթ կերպով մարդուն կ'ուղեկցի ամբողջ կեանքի ընթացքին. Այն մարդուն կ'ազնուացնէ եւ իրմով՝ աւելի օրինակելի ու երկիրին համար աւելի պիտանի քաղաքացի կը կերտէ: Այսպիսով, հայրենաճանաչ հայը բոլորովին ուրիշ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ հայրենիքի նկատմամբ: 

Որեւէ ազգութեան անհատ պէտք է ճանչնայ իր հայրենիքը: Հայրենասիրութեան թիւ մէկ նախապայմանը հայրենաճանաչութիւնն է, այլապէս այն կը դառնայ մոլեռանդ ու անհասկանալի զգացում մը: Մի քանի օրով Հայաստան այցելելը բաւարար չէ հասկնալու ու ըմբռնելու մեր Հայրենիքի գեղեցկութիւնը. մեջբերենք յուշարձանագէտին խօսքերէն. «Երբ որ հայրենաճանաչ չենք, հայրենասէր չենք: Պիտի ճանաչես որ սիրես: Չենք ճանաչում՝ չենք սիրում: Հայրենիքը չենք ճանաչում՝ հայրենիքը չենք սիրում: Որքան ճանաչեցի՝ այդքան սիրեցի: Հայ մարդը պիտի տրորի իր երկրի կածաններ: Մենք մեր հայրենիքի գեղեցկութիւնը չենք զգում: Իբրեւ երկրի քաղաքացի՝ երկիրը մաքուր պահելու պարտականութիւնը չենք զգում»: 

 

Յուշարձանագէտի խորին համոզմամբ, մեր ու մեր երկիրի ժամանակակից խնդիրներու եւ հիմնահարցերու գլխաւոր պատճառը՝ բաւականաչափ հայրենաճանաչ չըլլալն է: Մեր բաւականաչափ հայրենաճանաչ չըլլալով է որ կորուստներ կ'արձանագրենք եւ միայն հայրենաճանաչ ըլլալով է որ կրնանք միաւորուիլ, երբ անհրաժեշտ է, յանուն ամենաբարձր արժէքին՝ Հայրենիքին: : Այդ է պատճառներէն մէկը, որ այսօր մեր ազգը միասնական չէ, այլ պառակտուած բազմաթիւ տեսանելի ու անտեսանելի թելերով: Մեր հայ հաւաքականութիւնը չունի ազգային երազանք եւ չզգար իր արմատը այնպէս ինչպէս հարկն է: Ազգային երազանք ունեցող մեր հաւահականութիւնը տակաւին չէ ձեւաւորուած: Այն պայմանաւորուած է մեր Հանրապետութեան երիտասարդ պետութիւն ըլլալու փաստով, ինչպէս նաեւ ցեղասպանուած ազգ ըլլալու փաստը վերջնականապէս չթօթափած ըլլալու հետեւանքով: Այդպիսի երազանքի վրայ հիմնուած հաւաքականութիւնը բոլորովին այլ որակներու կը հաւատայ:

Անկախ այն փաստէն, թէ ինչ մասնագիտութեան տէր է հայրենաճանաչ մարդը, ան իր գործով իր հայրենիքի պատիւը բարձր կը պահէ: Այս գիտակցումը անհատին համար խթան կը հանդիսանայ, որպէսզի ան մտածէ թէ ի՞նչ աշխատանքի է ընդունակ, ո՞ր աշխատանքն է որ ինք կրնայ աւելի որակով կատարել, մղուելով ու լծուելով այդ աշխատանքին: Յուշարձանագէտի խօսքով, որպէս աշխատելուն կողմնակից մտածելակերպ՝ հայրենաճանաչութիւնը կ'ամփոփուի հետեւեալ գաղափարով. «Թող ամէն մարդ ավելի բարեխիղճ գտնուի իր աշխատանքի նկատմամբ եւ երկիրը մի անգամից շօշափելի զարգացում կ'արձանագրի»: 

 

Պատրաստեց՝ Էօժէնի Պոսնոյեան

Օգտուած  եմ  երջանկայիշատակ  յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանի  Youtube-եան ալիքի արխիւէն:

 

 

Օժենի Պոսնոյեան

Օժենի Պոսնոյեան

Ծնած եմ Հալէպ: 2016.Աւարտած եմ Երևանի Գուրգէն...