image

Խաղաղութեան պայմանագիը կախարդական փայտիկ չէ, այն բոլոր հարցերը չի լուծեր. Հաճիեւ

Խաղաղութեան պայմանագիը կախարդական փայտիկ չէ, այն բոլոր հարցերը չի լուծեր. Հաճիեւ

Ատրպէյճան Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու ճանապարհին լուրջ խոչընդոտներ չի տեսներ՝ յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւ:

«Յստակ ժամկէտներու մասին խօսիլ դժուար է, քանի որ Պաքուն եւ Երեւանը դեռ պէտք է շարունակեն բանակցութիւնները՝ աւարտին հասցնելու գործընթացը»,- մանրամասնած է պաշտօնեան:

Ատրպէյճանի նախագահի օգնականը վստահեցուցած է, որ Պաքուն հաւատարիմ է տարածաշրջանի մէջ կայունութեան հաստատման եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն:

«Խաղաղութեան պայմանագիրը կարեւոր փաստաթուղթ է, այն կը փոխէ տարածաշրջանի մթնոլորտը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփումներու էութիւնը:

Սակայն պէտք է հասկնալ, որ այդ փաստաթուղթը կախարդական փայտիկ չէ, այն անմիջապէս բոլոր հարցերը չի լուծեր»,- ընդգծած է Հաճիեւ, աւելցնելով՝ պայմանագիրը թոյլ կու տայ, որ բացառուի երկու երկիրներու միջեւ հետագայ ռազմական առճակատման, պատերազմներու եւ վայրագութիւններու տարրը։