ԱՄՆ-ն չունի այնպիսի զէնք, որ «կախարդական փայտիկ» դառնայ Ուքրանիոյ համար Ռուսիոյ դէմ պատերազմին. Փենթակոնի ղեկավար

ԱՄՆ-ն չունի այնպիսի զէնք, որ «կախարդական փայտիկ» դառնայ Ուքրանիոյ համար Ռուսիոյ դէմ պատերազմին. Փենթակոնի ղեկավար

Միացեալ Նահանգները չունի այնպիսի զէնք, որ «կախարդական փայտիկ» դառնայ Ուքրանիոյ համար Ռուսիոյ դէմ պատերազմին, Քիեւ կատարած այցի ժամանակ ըսած է Փենթակոնի ղեկավար Լլոյտ Օսթընը։ Միաժամանակ ան խոստացած է, որ ամերիկեան իշխանութիւնները կը շարունակեն «բարձրորակ ռազմական օգնութիւն» տրամադրել Ուքրանիոյ։ Այս մասին գրած է kommersant.ru-ն:

«Այսպիսի ռազմական հակամարտութեան մէջ չկայ զէնք, որ կրնայ կախարդական փայտիկ ըլլալ: Այստեղ հնարաւոր յաջողութիւնը կախուած է բազմաթիւ գործօններէ: Սա կոշտ, շատ հիւծող պայքար է, եւ այսպէս պիտի շարունակուի նաեւ ապագային»,-ըսած է Օսթըն Ուկրանիոյ մայրաքաղաք կատարած այցէն ետք մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

Միացեալ Նահանգներու ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարի խօսքով՝ Ուքրանիոյ իշխանութիւններու առջեւ բարդ խնդիր դրուած է, այն է՝ ինչպէս «սինխրոնիզացնել» (համաժամանակել) արեւմտեան դաշնակիցներու կողմէ մատակարարուող զէնքն ու ռազմամթերքը՝ «ի վերջոյ Ռուսիոյ  դէմ ռազմական յաղթանակի հասնելու համար»։

Նաեւ Քիեւ կատարած այցի ժամանակ Լլոյտ Օսթըն յայտարարած էր Ուքրանիոյ 100 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութեան լրացուցիչ փաթեթ յատկացնելու մասին. այն պիտի ներառէ հակաթանկային զէնքեր եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու հրթիռներ։