image

Աֆղանստանը եւ Փաքիստանը համաձայնութեան եկած են՝ հրադադարը երկարաձգելու շուրջ

Աֆղանստանը եւ Փաքիստանը համաձայնութեան եկած են՝ հրադադարը երկարաձգելու շուրջ

Հոկտեմբեր 25-էն 30-ը Իսթանպուլի մէջ, Թուրքիոյ եւ Քաթարի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած բանակցութիւններու շնորհիւ, Աֆղանստանը եւ Փաքիստանը համաձայնութեան եկած են հրադադարը երկարաձգելու շուրջ։ 

Այս մասին ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տարածուած համատեղ յայտարարութեան մէջ։

Հրադադարի մասին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Տոհայի մէջ, հոկտեմբեր 18-19-ը։

Կողմերը նաեւ համաձայնութեան եկած են վերահսկողութեան եւ ստուգման մեխանիզմ մշակելու շուրջ, որ պիտի ապահովէ խաղաղութեան պահպանումը եւ խախտողներու նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառումը։

Հրադադարի իրականացման հետագայ պայմանները պիտի քննարկուին պատուիրակութիւններու ղեկավարներու յաջորդ հանդիպման ժամանակ, որ տեղի պիտի ունենայ Իսթանպուլի մէջ՝ նոյեմբեր 6-ին: Թուրքիան եւ Քաթարը յայտնած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու միջնորդութիւնը երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար, ըսուած է յայտարարութեան մէջ: