image
Հրատապ լուրեր:

Նախարարուհի՝ Պայրաքտարեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան այցելեցին Պաապտայի նախագահական պալատ

 Նախարարուհի՝ Պայրաքտարեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան այցելեցին Պաապտայի նախագահական պալատ

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի կառավարութեան հայազգի անդամ Նախարարուհի Դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Տիար  Մարտիկ Պօղոսեան այցելելութիւն տուած են Պաապտայի նախագահական պալատ եւ ընդունուած նախագահ Ժոզէֆ Աունին կողմէ։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահութեան դիմատետրեան պաշտօնական էջէն։Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար Դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունին յանձնեց Տանն Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի ընտրութեան եւ գահակալութեան առթիւ հրապարակուած հատոր մը։ 

Իսկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան Հանրապետութեան Նախագահին տեղեկացուց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի  մարզադաշտի վերանորոգման աշխատանքներուն մասին, որոնք կը կատարուին օղիմպիական չափանիշներուն համապատասխան։