image

Հնդկաստանի խոշորագոյն նաւթային ընկերութիւնը կրկին նաւթ կը գնէ Ռուսիայէն. Reuters

Հնդկաստանի խոշորագոյն նաւթային ընկերութիւնը կրկին նաւթ կը գնէ Ռուսիայէն. Reuters

Հնդկաստանի խոշորագոյն նաւթային ընկերութիւնը՝ Indian Oil Corp (IOC)-ը, կը վերսկսի ռուսական նաւթի գնումները։ Ընկերութիւնը դեկտեմբեր ամսուան համար գնած է նաւթի հինգ խմբաքանակ՝ մատակարարներէ, որոնք չեն ենթարկուիր պատժամիջոցներու։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters-ը, յղում ընելով առեւտրային աղբիւրներու։

Գնումներու ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ մօտ 3,5 միլիոն պարել (նաւթաչափ միաւոր) ռուսական ESPO տեսակի նաւթ։ Ըստ գործակալութեան՝ այս քայլը կը նշանակէ, որ ընկերութիւնը կը վերսկսէ ռուսական նաւթի ներմուծումը՝ հակառակ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ճնշումներուն, որոնք կը փորձեն ստիպել Հնդկաստանը դադրեցնել ռուսական նաւթի գնումները։

 

IOC-ի ֆինանսական տնօրէնը աւելի վաղ յայտարարած էր, որ ընկերութիւնը պիտի շարունակէ գնել ռուսական նաւթ, եթէ մատակարարումները չեն խախտեր միջազգային սահմանափակումները, կը յիշեցնէ Reuters-ը։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները հոկտեմբեր 22-ին նոր պատժամիջոցներ սահմանած է Ռուսիոյ դէմ՝ պատճառաբանելով, որ Մոսկուան շահագրգռուած չէ Ուքրանիոյ մէջ սանձազերծած պատերազմը աւարտելով։ Սեւ ցանկին մէջ ներառուած են Ռուսիոյ երկու խոշոր նաւթային ընկերութիւնները՝ «Ռոսնեֆթ» եւ «Լուքօյլ», ինչպէս նաեւ անոնց դուստր ձեռնարկութիւնները։ Խախտումներու պարագային՝ ամերիկացի կամ օտար քաղաքացիներուն նկատմամբ պիտի կիրառուին «քաղաքացիական կամ քրէական պատժամիջոցներ»։

 

 

Որոշուման յայտարարութենէն ետք հաղորդուած էր, որ Չինաստանը եւ Հնդկաստանը կը պատրաստուին կտրուկ կերպով կրճատել ռուսական նաւթի ներմուծումը։