«Այդպէս որ, Արամ Կաթողիկոսին անունը այդքան աժան կերպով բերաննիդ կամ գրչերնուդ ծայրը մի´ առնէք: Ո´չ ալ զանազան-զարմանազան երեւակայական երազանքներ ունեցէք, ո´րեւէ տեսակի: Հասկացողաց բարեւ, չհասկացողաց ալ` մտքի հանդարտութիւն եւ հոգիի առողջութիւն»։
Կիպրահայ համայնքային գործիչ, եկեղեցանուէր հայրենակից՝ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեան կը գրէ՝
«Այնքան աղմուկ վասն ինչի՞: Արամ Ա. Վեհափառը Օգոստոսէն, նոյնիսկ աւելի առաջ ալ, յայտնած էր թէ պատրաստ է կամուրջ հանդիսանալու, ստեղծուած ամօթալի վիճակը բարելաւելու: Ամէն մէկ խօսք, ամէն մէկ քայլ, ա´յդ իսկ ուղղութեամբ կը կատարէ: Ա´յդ կը պահանջէ ներկայ պայթուցիկ կացութիւնը, եւ այդ կը կատարէ Սփիւռքի իմաստուն ու խոհեմ Ազգապետ/Հովուապետը: Հեռու ամէն տեսակի ծայրահեղութիւններէ: Անձնապէս կը հաւատամ, թէ աւելի´ն կը կատարուի քան մենք կը տեսնենք կամ կը յայտարարուի: Այդպէս որ, Արամ Կաթողիկոսին անունը այդքան աժան կերպով բերաննիդ կամ գրչերնուդ ծայրը մի´ առնէք: Ո´չ ալ զանազան-զարմանազան երեւակայական երազանքներ ունեցէք, ո´րեւէ տեսակի: Հասկացողաց բարեւ, չհասկացողաց ալ` մտքի հանդարտութիւն եւ հոգիի առողջութիւն»։