Ծանր հիւանդութեան հետեւանքով իր աչքերը յաւերժին փակած է Հայ Կաթողիկէ Միաբանութեան եպիսկոպոսաց դասու աւագ անդամներէն՝ Գերյ. Հ Պօղոս եպս. Հաքիմեանը։
Տխրունիի մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։
Գերապայծառը , 80-ականներէն սկսեալ կը գտնուէր Արժանիթինի մէջ, ուր հոգեւոր հովիւի պաշտօն վարելէ ետք ալ հետագային դարձաւ Լատին Ամերիկայի հայ կաթողիկէ առաջնորդ։
Ստորեւ Գերպ. Վախճանումը գուժող մահագրութիւնն ու հակիրճ կենսագրականը։
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Դասը, Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ թեմը եւ Հաքիմեան ընտանիքը, սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Պուէնս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի թեմին Առաջնորդ` Արհիապատիւ Հայր Պօղոս Եպս. Հաքիմեանի վախճանումը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 06 Նոյեմբեր 2024-ին, առաւօտուն, ծանր հիւանդութեան պատճառով:
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Դասը, Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ թեմը եւ Հաքիմեան ընտանիքը, սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Պուէնըս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի թեմին Առաջնորդ` Արհիապատիւ Հայր Պօղոս Եպս. Հաքիմեանի վախճանումը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 06 Նոյեմբեր 2024-ին, առաւօտուն, ծանր հիւանդութեան պատճառով:
Կենսագրութիւն
Արհի. Պօղոս Եպս. Հաքիմեան ծնած է Գահիրէ (Եգիպտոս) 11 Նոյեմբեր 1953-ին։
Փոքրիկ հասակին ընտանեօք փոխադրուած են Արժանթին։ Բարձրագոյն վարժարանի ուսումները կատարելէ ետք, մտած է Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարան՝ 27 սեպտեմբեր1976-ին եւ Հռոմի Տոմինիքեան Հայրերու Աքուինացի Սուրբ Թովմասի քահանայապետական համալսարանի մէջ աւարտած է իմաստասիրական եւ աստուածաբանական ուսումները, ինչպէս նաեւ Հովուական Աստուածաբանութեան մասնագիտութիւնը։
Քահանայ ձեռնադրուած է Պուէնս Այրէսի մէջ՝ 14 օգոստոս 1981ին, ձեռամբ այն ժամանակուայ Պաղտատի վիճակաւոր՝ Արհի. Յովհաննէս Արք. Գասպարեանին, որ յետագային դարձաւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Կաթողիկոս Պատրիարք։
Պաշտօնավարած է Պուէնս Այրէսի մէջ իբրեւ օգնական ժողովրդապետ 1981-1984, ապա Սան Փաոլոյի ժողովրդապետ՝ 1984-1987, հուսկ դարձեալ Պուէնոս Այրէսի մէջ, այս անգամ իբրեւ ժողովրդապետ՝ 1987-2002։
2002-2003 տարեշրջանին նշանակուած է Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմին Պատրիարքական հոգաբարձու, հուսկ վերադառնալով Արժանթին ստանձնած է Պուէնըս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնը, մինչեւ 2018-ին։
4 յուլիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Պուէնըս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի թեմին առաջնորդ՝ Գերապայծառ Վարդան Վալտիր Պօղոսեանի, տարիքի բերումով ներկայացուցած հրաժարականը, անոր տեղ նշանակեց Հայր Պօղոս Հաքիմեանը։
Ան հմուտ էր Հայերէնի , Ֆրասերէնի, Սպաներէնի, Փորթուկալերէնի, Իտալերէնի եւ Արաբերէնի։
Խնկանուէր աղօթք և յաւիտենական հանգիստ լուսահոգի գերապայծառին անմահ յիշատակին: