image

Արգիլուած լեզուի աքսորեալ ձայնը. Գրեց՝ Քուրթուլուշ Պաշթըմար

Արգիլուած լեզուի աքսորեալ ձայնը. Գրեց՝ Քուրթուլուշ Պաշթըմար

Իր մայ­­­րե­­­­­­­նիէն, հայ­­­րե­­­­­­­նի երկրէն պո­­­կուած գրո­­­ղը որ լե­­­զուով ալ գրէ, գրած­­­նե­­­­­­­րը որ լե­­­զուով ալ ըն­­­թերցո­­­ւին իրա­­­կանու­­­թեան մէջ տա­­­րագիր մըն է՝ աք­­­սո­­­­­­­րեալ մը։ Գրո­­­ղի հայ­­­րե­­­­­­­նիքը մայ­­­րե­­­­­­­նի լե­­­զուի բա­­­ռերն են։

Այս առու­­­մով քրտե­­­րէնը ընդմիշտ մեր­­­ժո­­­­­­­ւած, ան­­­գոյ հա­­­մարո­­­ւած լե­­­զու մը եղած է։ Լե­­­զուի մը ու­­­րա­­­­­­­ցու­­­մը ամ­­­բողջ մշա­­­կոյ­­­թի մը ու­­­րա­­­­­­­ցումն է։ Մենք երազ­­­ներ հիւ­­­սե­­­­­­­ցինք լե­­­զուով մը, որ նախ­­­շո­­­­­­­ւած էր մեր ինքնու­­­թեան եւ ընդմիշտ պար­­­տադրո­­­ւած էինք անոր գո­­­յու­­­թիւն չու­­­նե­­­­­­­նալուն հա­­­ւատա­­­լու։ Կռո­­­ւազան չէինք եր­­­բեք։ Խա­­­ղաղու­­­թեան եւ ազա­­­տու­­­թեան եր­­­գեր եր­­­գե­­­­­­­ցինք միայն։ Նշեմ թէ ոչ բարձրա­­­ձայն, այլ ծա­­­ծուկ եր­­­գե­­­­­­­ցինք։ Խա­­­ւարի օրեր էին, ձայ­­­նագրու­­­թիւննե­­­րը ծա­­­ծուկ կը փո­­­խան­­­ցէինք իրա­­­րու կամ տու­­­նե­­­­­­­րու խու­­­զարկման վտան­­­գին դի­­­մաց կը հար­­­կադրո­­­ւէինք մեր գրա­­­դարա­­­նի գիր­­­քե­­­­­­­րը այ­­­րե­­­­­­­լու, կամ լա­­­ւագոյն օրի­­­նակով գաղտնա­­­գողի թա­­­ղելու։

Տա­­­րիներ անց մեր ական­­­ջին հաս­­­նող այլ կա­­­խար­­­դա­­­­­­­կան եր­­­գե­­­­­­­րու ծա­­­գած վայ­­­րը կը ճամ­­­բորդէինք։ Փակ դռնե­­­րը, փակ սահ­­­մաննե­­­րը յա­­­տելով մեր տուն հաս­­­նող Երե­­­ւանի ռա­­­տիոն այ­­­ցե­­­­­­­լելու պա­­­հը եկած էր։

Հիւ­­­րա­­­­­­­նոցէն թաք­­­սիով մը կ՚ուղղո­­­ւիմ դէ­­­պի ռա­­­տիոկա­­­յան։ Երե­­­ւանը փոքր քա­­­ղաք է։ Հե­­­տեւա­­­բար ներ­­­քա­­­­­­­ղաքա­­­յին ու­­­ղե­­­­­­­ւորու­­­թիւներ ալ բա­­­ւակա­­­նին կար­­­ճա­­­­­­­տեւ։ Քիչ անց վա­­­րոր­­­դը անգլե­­­րէնով կը դի­­­մէ ին­­­ծի «Հիր իզ փապ­­­լիկ ռա­­­տիօ օֆ Ար­­­մե­­­­­­­նիա» ըսե­­­լով։ Կը փո­­­խադար­­­ձեմ վա­­­րոր­­­դի ջերմ ժպի­­­տին եւ կ՚իջ­­­նեմ ինքնա­­­շար­­­ժէն։ Դի­­­մացս իր վե­­­հաշուք պատ­­­կե­­­­­­­րով կանգնած է Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի պե­­­տական ռա­­­տիոկա­­­յանի պատ­­­մա­­­­­­­կան շէն­­­քը։ Շէնքի առ­­­ջեւ տե­­­ղադ­­­րո­­­­­­­ւած է ձե­­­ռին ռա­­­տիօ մը բռնած կնոջ քան­­­դակ մը։ Գետ­­­նին փո­­­րագ­­­րո­­­­­­­ւած են յու­­­շա­­­­­­­քարեր ռա­­­տիոյի վաս­­­տա­­­­­­­կաւոր աշ­­­խա­­­­­­­տակից­­­նե­­­­­­­րու անուննե­­­րով։

Շէն­­­քէն ներս կը մտնեմ եւ կը յայտնեմ թէ եկած եմ Երե­­­ւանի ռա­­­տիօն այ­­­ցե­­­­­­­լելու։ Աշ­­­խա­­­­­­­տող­­­նե­­­­­­­րը անգլե­­­րէն չի­­­մանա­­­լով ճա­­­րահատ ին­­­ծի կը նա­­­յին։ Ան­­­ձայնու­­­թիւն կը տի­­­րէ մի­­­ջավայ­­­րին։ Ժա­­­մացոյ­­­ցիս կը նա­­­յիմ ու կ՚անդրա­­­դառ­­­նամ թէ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քա­­­­­­­յին օրը տա­­­կաւին չէ սկսած։ Տա­­­րինե­­­րու հո­­­լովոյ­­­թով ներ­­­քուստ սնու­­­ցած երախ­­­տիքն ու շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թեան զգա­­­ցու­­­մը փո­­­խանա­­­կելու հա­­­մար եկած եմ հոս։ Այդ զգա­­­ցումնե­­­րը թա­­­խիծով կը յանձնեմ «Ռա­­­տիօ Երե­­­ւան»ին։

«Յոգ­­­նա­­­­­­­ծու­­­թիւնն է, որ քեզ այսպէս խոր լռու­­­թեան մատ­­­նած է»։ Հար­­­ցում մը՝ որ մտքովս կ՚անցնի եւ պա­­­տաս­­­խանն ալ դար­­­ձեալ մտքիս մէջն է։ «Ժա­­­մանա­­­կի ապե­­­րախ­­­տութիւ­­­նը»։ Կը վրդո­­­վիմ ներ­­­քուստ դար­­­ձեալ։ «Դուն որ ար­­­գի­­­­­­­լուած լե­­­զուի մը աք­­­սո­­­­­­­րուած ձայնն էիր, ին­­­չո՞ւ այսպէս լուռ ես։ Ին­­­չո՞ւ այսպէս ճա­­­րահատ»։

«Երեանի Ռա­­­տիօ»ն Խորհրդա­­­յին միու­­­թեան տա­­­րան­­­ջա­­­­­­­տու­­­մէն ետք Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ան­­­կա­­­­­­­խացու­­­մին հետ միասին խոր լռու­­­թեան մատ­­­նո­­­­­­­ւեցաւ։ Վեր­­­ցուցին ան­­­թե­­­­­­­նը, վե­­­րացաւ գո­­­վազդնե­­­րու եկա­­­մու­­­տը եւ քրտե­­­րէնի տիեզե­­­րական ձայ­­­նը վե­­­րածո­­­ւեցաւ շրջա­­­նային ռա­­­տիօ հա­­­ղոր­­­դումի մը։ Ին­­­ծի հա­­­մար բա­­­ւակա­­­նին ցնցիչ էր այդ իրո­­­ղու­­­թիւնը։ Եր­­­կար տա­­­րիներ միայն լսած ձայ­­­նէս հե­­­տեւցնե­­­լով իմ են­­­թադրեալ հսկան ան­­­խօս դար­­­ձած էր։ Կար­­­ծես եր­­­կար տա­­­րիներ կա­­­րօտը քա­­­շած, ձայ­­­նին կա­­­րօտ մնա­­­ցած հարա­­­զատ մը վե­­­րագ­­­տած ըլ­­­լա­­­­­­­յի եւ ան ին­­­ծի ըսե­­­լիք ոչինչ ու­­­նե­­­­­­­նար։ Ո՞ւր է քու ճամ­­­բա­­­­­­­ներդ մա­­­շեցու­­­ցած քրտե­­­րէնի մեծ վար­­­պետ Արամ Տիգ­­­րա­­­­­­­նը։ Ո՞ւր է քե­­­զի մէկ ան­­­գամ այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թեան եկած, «Կա­­­րեւո­­­րը ըսելն էր» հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­մէն ետք ան­­­գամ մըն ալ փո­­­ղոցէդ չան­­­ցած Ֆաթ­­­մա Իսան։ Ո՞վ գի­­­տէ թե­­­րեւս ալ դուն իրա­­­ւացի ես «Ռա­­­տիօ Երե­­­ւան»։ Թե­­­րեւս ալ ար­­­դար է այդ լռու­­­թիւնդ։ Այժմ այդ լռու­­­թիւնով կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կես մեծ­­­նա­­­­­­­լու։ Մենք լռու­­­թեան դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւած ժա­­­մանակ խօ­­­սողը դուն էիր՞ ապաս­­­տա­­­­­­­նողը դուն։ Ձմրան եր­­­կար գի­­­շեր­­­նե­­­­­­­րուն դուն էիր որ տենկպեժ­­­նե­­­­­­­րու ձայ­­­նը կը բե­­­րէիր մեր տա­­­նը։ Այժմ լռու­­­թիւնը մե­­­զի վի­­­ճակած է, իսկ աղա­­­ղակե­­­լը քե­­­զի։ Մենք Արաք­­­սին, Ախու­­­րեանին, Ար­­­փա­­­­­­­չային փսփսա­­­ցինք, քե­­­զի եւ քու ձայ­­­նի հան­­­դէպ մեր կա­­­րօտը։ Դուն որ լե­­­զու մը ապ­­­րեցնե­­­լու հա­­­մար սեր­­­մեր ցա­­­նեցիր։ Ամ­­­բողջ ժո­­­ղովուրդ մը լսեց քու «Խօ­­­սիր ո՜վ ժո­­­ղովուրդ» կո­­­չու­­­մը։

Ես կը խոս­­­տա­­­­­­­նամ, որ պի­­­տի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կենք քու այդ կո­­­չին ար­­­ձա­­­­­­­գան­­­գել։ Ինչպէս որ գի­­­տակ­­­ցե­­­­­­­ցանք ձայ­­­նիդ, հի­­­մա պի­­­տի գի­­­տակ­­­ցինք նաեւ լռու­­­թեանդ։

Ահա այդպէս խօ­­­սեցայ «Ռա­­­տիօ Երե­­­ւան»ի հետ։ Հա­­­ւատա­­­ցի որ երախ­­­տա­­­­­­­պարտ քիւրտ երի­­­տասար­­­դի մը շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թեան խօս­­­քե­­­­­­­րը իրեն ալ հա­­­ճելի թո­­­ւեցան։ Աչ­­­քերս պահ մը փնտռե­­­ցին այդ այ­­­ցե­­­­­­­լուեան տպա­­­ւորու­­­թիւննե­­­րը գրա­­­ռելու հա­­­մար յա­­­տուկ յու­­­շա­­­­­­­մատեան մը, չկար։ Որո­­­շեցի իմ սրտիս փո­­­րագ­­­րել այդ այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թեան տպա­­­ւորու­­­թիւնը՝ «Ռա­­­տիօ Երե­­­ւան կը լռէ…»։

(Շարունակելի)

 

Քուրթուլուշ Պաշթըմար

bastimar.kurtulus@gmail.com

«Ակօս»