Իր մայրենիէն, հայրենի երկրէն պոկուած գրողը որ լեզուով ալ գրէ, գրածները որ լեզուով ալ ընթերցուին իրականութեան մէջ տարագիր մըն է՝ աքսորեալ մը։ Գրողի հայրենիքը մայրենի լեզուի բառերն են։
Այս առումով քրտերէնը ընդմիշտ մերժուած, անգոյ համարուած լեզու մը եղած է։ Լեզուի մը ուրացումը ամբողջ մշակոյթի մը ուրացումն է։ Մենք երազներ հիւսեցինք լեզուով մը, որ նախշուած էր մեր ինքնութեան եւ ընդմիշտ պարտադրուած էինք անոր գոյութիւն չունենալուն հաւատալու։ Կռուազան չէինք երբեք։ Խաղաղութեան եւ ազատութեան երգեր երգեցինք միայն։ Նշեմ թէ ոչ բարձրաձայն, այլ ծածուկ երգեցինք։ Խաւարի օրեր էին, ձայնագրութիւնները ծածուկ կը փոխանցէինք իրարու կամ տուներու խուզարկման վտանգին դիմաց կը հարկադրուէինք մեր գրադարանի գիրքերը այրելու, կամ լաւագոյն օրինակով գաղտնագողի թաղելու։
Տարիներ անց մեր ականջին հասնող այլ կախարդական երգերու ծագած վայրը կը ճամբորդէինք։ Փակ դռները, փակ սահմանները յատելով մեր տուն հասնող Երեւանի ռատիոն այցելելու պահը եկած էր։
Հիւրանոցէն թաքսիով մը կ՚ուղղուիմ դէպի ռատիոկայան։ Երեւանը փոքր քաղաք է։ Հետեւաբար ներքաղաքային ուղեւորութիւներ ալ բաւականին կարճատեւ։ Քիչ անց վարորդը անգլերէնով կը դիմէ ինծի «Հիր իզ փապլիկ ռատիօ օֆ Արմենիա» ըսելով։ Կը փոխադարձեմ վարորդի ջերմ ժպիտին եւ կ՚իջնեմ ինքնաշարժէն։ Դիմացս իր վեհաշուք պատկերով կանգնած է Հայաստանի պետական ռատիոկայանի պատմական շէնքը։ Շէնքի առջեւ տեղադրուած է ձեռին ռատիօ մը բռնած կնոջ քանդակ մը։ Գետնին փորագրուած են յուշաքարեր ռատիոյի վաստակաւոր աշխատակիցներու անուններով։
Շէնքէն ներս կը մտնեմ եւ կը յայտնեմ թէ եկած եմ Երեւանի ռատիօն այցելելու։ Աշխատողները անգլերէն չիմանալով ճարահատ ինծի կը նային։ Անձայնութիւն կը տիրէ միջավայրին։ Ժամացոյցիս կը նայիմ ու կ՚անդրադառնամ թէ աշխատանքային օրը տակաւին չէ սկսած։ Տարիներու հոլովոյթով ներքուստ սնուցած երախտիքն ու շնորհակալութեան զգացումը փոխանակելու համար եկած եմ հոս։ Այդ զգացումները թախիծով կը յանձնեմ «Ռատիօ Երեւան»ին։
«Յոգնածութիւնն է, որ քեզ այսպէս խոր լռութեան մատնած է»։ Հարցում մը՝ որ մտքովս կ՚անցնի եւ պատասխանն ալ դարձեալ մտքիս մէջն է։ «Ժամանակի ապերախտութիւնը»։ Կը վրդովիմ ներքուստ դարձեալ։ «Դուն որ արգիլուած լեզուի մը աքսորուած ձայնն էիր, ինչո՞ւ այսպէս լուռ ես։ Ինչո՞ւ այսպէս ճարահատ»։
«Երեանի Ռատիօ»ն Խորհրդային միութեան տարանջատումէն ետք Հայաստանի անկախացումին հետ միասին խոր լռութեան մատնուեցաւ։ Վերցուցին անթենը, վերացաւ գովազդներու եկամուտը եւ քրտերէնի տիեզերական ձայնը վերածուեցաւ շրջանային ռատիօ հաղորդումի մը։ Ինծի համար բաւականին ցնցիչ էր այդ իրողութիւնը։ Երկար տարիներ միայն լսած ձայնէս հետեւցնելով իմ ենթադրեալ հսկան անխօս դարձած էր։ Կարծես երկար տարիներ կարօտը քաշած, ձայնին կարօտ մնացած հարազատ մը վերագտած ըլլայի եւ ան ինծի ըսելիք ոչինչ ունենար։ Ո՞ւր է քու ճամբաներդ մաշեցուցած քրտերէնի մեծ վարպետ Արամ Տիգրանը։ Ո՞ւր է քեզի մէկ անգամ այցելութեան եկած, «Կարեւորը ըսելն էր» հաստատումէն ետք անգամ մըն ալ փողոցէդ չանցած Ֆաթմա Իսան։ Ո՞վ գիտէ թերեւս ալ դուն իրաւացի ես «Ռատիօ Երեւան»։ Թերեւս ալ արդար է այդ լռութիւնդ։ Այժմ այդ լռութիւնով կը շարունակես մեծնալու։ Մենք լռութեան դատապարտուած ժամանակ խօսողը դուն էիր՞ ապաստանողը դուն։ Ձմրան երկար գիշերներուն դուն էիր որ տենկպեժներու ձայնը կը բերէիր մեր տանը։ Այժմ լռութիւնը մեզի վիճակած է, իսկ աղաղակելը քեզի։ Մենք Արաքսին, Ախուրեանին, Արփաչային փսփսացինք, քեզի եւ քու ձայնի հանդէպ մեր կարօտը։ Դուն որ լեզու մը ապրեցնելու համար սերմեր ցանեցիր։ Ամբողջ ժողովուրդ մը լսեց քու «Խօսիր ո՜վ ժողովուրդ» կոչումը։
Ես կը խոստանամ, որ պիտի շարունակենք քու այդ կոչին արձագանգել։ Ինչպէս որ գիտակցեցանք ձայնիդ, հիմա պիտի գիտակցինք նաեւ լռութեանդ։
Ահա այդպէս խօսեցայ «Ռատիօ Երեւան»ի հետ։ Հաւատացի որ երախտապարտ քիւրտ երիտասարդի մը շնորհակալութեան խօսքերը իրեն ալ հաճելի թուեցան։ Աչքերս պահ մը փնտռեցին այդ այցելուեան տպաւորութիւնները գրառելու համար յատուկ յուշամատեան մը, չկար։ Որոշեցի իմ սրտիս փորագրել այդ այցելութեան տպաւորութիւնը՝ «Ռատիօ Երեւան կը լռէ…»։
(Շարունակելի)
Քուրթուլուշ Պաշթըմար
bastimar.kurtulus@gmail.com
«Ակօս»