Արեւմուտքը չի պատրաստուիր լուրջ ճնշում գործադրել Պաքուի վրայ, իսկ Մոսկուան կը պատրաստուէր այդ ընել, բայց չ'ըներ, զբաղած է այլ խնդիրներով։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է քաղաքագէտ Ալեքսանդր Իսկանդարեան։
Ան կը կարծէ, որ իրավիճակը մօտաւորապէս նոյնը կը մնայ այնքան ժամանակ, քանի դեռ ռազմաքաղաքական իրավիճակը չէ փոխուած։
Անոր խօսքով՝ որեւէ միջազգային մեքենականութիւն չի կրնար ըլլալ, միջազգային դերակատարները կրնան ընել մօտաւորապէս այն, ինչ այժմ կ'ընեն՝ զանգել Ալիեւին։
Փորձագէտն անիրատեսական կը համարէ խօսիլ միջազգային երաշխիքային մեքենականութիւններու, այն է՝ Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ զինուած մարդոց մասին. «Ո՞վ կը գնայ այնտեղ։ Ո՞ւմ թոյլ կու տայ Ալիեւը։ Նոյնիսկ եւրոպացի դժբախտ դիտորդներին, որոնց թիւը մի քանի տասնեակ մարդ է, Ադրբեջանը չթողեց իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք։ Խաղաղապահներին Ադրբեջանի տարածք թողնելու համար անհրաժեշտ է Ադրբեջանի թոյլտւութիւնը։ Նման երաշխիք չեմ պատկերացնում։ Ֆիզիքական անվտանգութիւն, մշակութային իրաւունքներ, երաշխիքներ՝ այս ամէնը հաւաքականօրէն կոչւում է կարգավիճակ։ Որպէսզի մարդիկ ապահով ապրեն այս տարածքում, նրանց պէտք է ինչ-որ կարգավիճակ՝ երաշխաւորուած միջազգային ինչ-որ մասնակցութեամբ։ Այսօր ես դա չեմ պատկերացնում»,- աւելցուցած է Իսկանդարեան։
Ան բացատրած է, որ խնդիրն այն չէ, թէ որ քաղաքին մէջ եւ ինչ ուժի միջնորդութեամբ պիտի կնքուի պայմանագիրը, խնդիրն այն է, որ այդ պայմանագիրը գործէ. «Դրա համար պէտք է համաձայնութիւն ինչ-որ նախագծի վերաբերեալ, բայց այդպիսի համաձայնութիւն չկայ։ Ադրբեջանը համաձայն չէ այն բանին, ինչ Հայաստանին է ձեռնտու, եւ հակառակը։ Այն, ինչ առաջ է քաշում Ադրբեջանը, ոչ թէ առաջարկ է, այլ վերջնագիր»,- եզրափակած է քաղաքագէտը։