image

Արդարադատութեան Դատարանէն վերջնաժամկէտ՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին 

Արդարադատութեան Դատարանէն վերջնաժամկէտ՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին 

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը մինչեւ 2025 թուականի նոյեմբեր 12-ը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին վերջնաժամկէտ տուած է՝ հակափաստարկներ ներկայացնելու՝ Ցեղապաշտական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին ՄԱԿ-ի միջազգային համաձայնագրի խախտման առնչութեամբ:

Ըստ Դատարանի՝ խօսքն Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ 2021 թուականի սեպտեմբեր 23-ին ներկայացուած բողոքի հիման վրայ յարուցուած գործի մասին է:

Կը հաղորդուի, որ հաշուի առնելով 2022 թուականի հունվար 21-ի հրամանը, որով Դատարանը 2023 թուականի յունուար 23-ը եւ 2024 թուականի յունուար 23-ը սահմանած է որպէս Ատրպէյճանի կողմէ փաստարկ եւ Հայաստանի կողմէ հակափաստարկ ներկայացնելու համապատասխան ժամկէտներ։

Ինչպէս նշուած է զեկոյցին մէջ, հաշուի առնելով Ատրպէյճանի փաստարկը, որ ներկայացուած է այսպիսով սահմանուած ժամկէտին մէջ եւ 2023 թուականի ապրիլ 21-ին Հայաստանի կողմէ բարձրացուած նախնական առարկութիւնները, Հայաստանի կողմէ նախնական առարկութիւններու ներկայացումը յանգեցուցած է գործն ըստ էութեան հարցի քննարկման կասեցման։

2024 թուականի նոյեմբեր 12-ի իր որոշմամբ Դատարանը գտած է, որ իրաւասու է քննել Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած դիմումը՝ բացառելով 1996 թուականի սեպտեմբեր 15-էն առաջ տեղի ունեցած ենթադրեալ գործողութիւններուն առնչուող Ատրպէյճանի պահանջները։

Ուստի Դատարանը Հայաստանի կողմէ հակափաստարկ ներկայացնելու վերջնաժամկէտ սահմանած է 2025 թուականի նոյեմբեր 12-ը եւ յայտարարած, որ հետագայ ընթացակարգը կը վերապահէ հետագայ որոշման համար։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ՝ 2021 թուականի սեպտեմբեր 16-ին, Հայաստանը Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ դատավարութիւն սկսած էր ընդդէմ Ատրպէյճանի՝ Ցեղապաշտական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին ՄԱԿ-ի միջազգային համաձայնագրի խախտման առնչութեամբ։