Վրաստանը կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման գործընթացը եւ երկու երկիրներուն կ՚առաջարկէ յարաբերութիւններու կարգաւորման տարածաշրջանային համագործակցութեան ձեւաչափ։
Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանին ունեցած ելոյթի ժամանակ։
«Գիտակցելով խաղաղութեան կարեւորութիւնը՝ մենք առաջատար դէր խաղցած ենք Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը հակամարտութիւններու տարածաշրջանէն հնարաւորութիւններու տարածաշրջան դարձնելու ջանքերուն մէջ։
Մենք կ՚ողջունենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը, յատկապէս հարեւան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորմանն ուղղուած ջանքերը:
Մենք կ՚ուզենք ապահովել տարածաշրջանային համագործակցութեան ձեւաչափ, որ կ՚աջակցի երկիրներու միջեւ համագործակցութեան եւ վստահութեան կառուցման, որ կ՚երաշխաւորէ, որ տարաձայնութիւնները մնան անցեալի մէջ, իսկ տարածաշրջանի միջոցներն ու առաւելութիւնները կ՚առաջարկուին աշխարհին», –ըսած է Վրաստանի վարչապետը: